Ժամը 16։00-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 100,520 անձ Հայաստան եկած է:
Այս մասին կառավարութեան «Հումանիտար կեդրոնի» ճեպազրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը։
Անոր ներկայացմամբ՝ հիմնական մարդկային հոսքը դադարած է եւ ԼՂ-ի մէջ մնացած են առաւելապէս պաշտօնատար անձինք եւ բնակչութեան աւելի քիչ զանգուածը։
«Հակարիի կամուրջը մինչ այժմ հատել է 21,107 մեքենայ։ Աւելի քան 89,167 բռնի տեղահանուածներ արդէն գրանցուել են, կառավարութիւնը կացարան է յատկացրել աւելի քան 53,9 հազար մարդու»,- մանրամասնած է խօսնակը։