image

Հայ զինուորի դին փոխանցուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան

Հայ զինուորի դին փոխանցուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան

Ատրպէյճանը, 27 յունուարին, հայկական կողմին փոխանցած է 2022թ. սեպտեմբեր 13-14-ին Ներքին Հանդի ուղղութեամբ զոհուած հայ զինծառայողի մարմինը: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը։ 

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբերեան մարտերէն ետք անհետ կորած կը համարուին 3 զինծառայող։ Սեպտեմբեր 13-14-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերու թիւը 224 է: Հոկտեմբեր 4–ին Ատրպէյճանը վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերի։ Նոյեմբեր 29–ի դրութեամբ, Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած էր 156 մարմին։