Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը լաւատեսութիւն դրսեւորելով յայտնած է, որ մօտ ապագային դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը բանալու առումով թերեւս լաւ նորութիւն ըլլայ: Միրզոյեան այդ մասին յայտարարած է Ազգային Ժողովէն ներս 2024-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներու ժամանակ։
«Ուզում եմ լաւատեսութիւն յայտնել, որ առնուազն մեր այն պայմանաւորուածութիւնը, որը վերաբերում էր Հայաստան-Թուրքիա միջպետական ցամաքային սահմանը առայժմ յատուկ խմբի համար բացելուն, այն է՝ ՀՀ եւ Թուրքիայի այն քաղաքացիների համար, ովքեր դիւանագիտական անձնագիր ունեն եւ նաեւ 3-րդ երկրների բոլոր քաղաքացիների համար, այս խմբի մարդկանց համար նախ կը բացուի սահմանը եւ յետոյ արդէն շարունակել քննարկումը։ Ուզում եմ լաւատեսութիւն յայտնել, որ մօտ ապագայում այստեղ գուցէ լաւ նորութիւններ ունենանք»,-ըսած է Միրզոյեանը։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Միրզոյեանը յիշեցուցած է, որ վերջերս Թեհրանի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարին, կան նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներ․ «Եւ կայ խօսակցութիւն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման մասին»,- նշած է ան: