Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը օրերս այցելութիւն տուած է Պէյրութի մէջ գործող Համազգայինի Լեւոն Շանթ Կեդրոն։ Նշենք, որ Պատրիարք հայրը ընդունուած է ՀՅԴ Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ կրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի, ՀՅԴ Մամլոյ պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեանի, Համազգայինի Լիբանանի մարմնի ներկայացուցիչ՝ Սէմ Սիմոնեանի, ինչպէս նաեւ Համազգայինի վարչական պատասխանատուներուն կողմէ։
Պատրիարք հօր սոյն այցելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Համազգայինի դիմատետրի էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք ՝
Այսօր՝ Շաբաթ 26 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք հովուապետական այցելութիւն կատարեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն՝ մօտէն ծանօթանալու կառոյցի եւ կեդրոնի աշխատանքներուն։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, որուն աւարտին Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ներկաներուն շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնը եւ կատարեց 180 միլիոն լիբ. ոսկի նիւթական օժանդակութիւն Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն:
Լուսանկարները՝ Ալէքս Կիւրիւնլեանի («Սթոիտիօ Ալէքս»)