image

Վեր. Մովսէս Ճանպազեան. In Memoriam

Վեր. Մովսէս Ճանպազեան. In Memoriam

Յարգանքի եւ Յիշատակի Տուրք Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Ծննդեան 80-ամեակին եւ Վախճանման 25-ամեակին Առիթով։

2025 թուականը երկու կարեւոր հանգրուանի տարի մըն է՝ մեր հոգեւոր, ազգային եւ ընտանեկան կեանքին մէջ։ Այս տարի եւ այսօր կը լրանայ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի ծննդեան 80-ամեակը, միեւնոյն ժամանակ կը նշենք նաեւ անոր վախճանման 25-ամեակը։ Այս երկու խորհրդանշական տարեդարձները առիթ են՝ վերարժեւորելու անոր ապրած կեանքին, ծառայութեան եւ ժառանգութեան խորիմաստ ուղին, առիթ մըն է՝ արժանաւորապէս յարգելու անոր ապրած հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական կեանքը, որ խոր եւ տեւական ազդեցութիւն թողած է հայ ժողովուրդի զանազան համայնքներուն մէջ՝ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախները։

Վերապատուելի Ճանպազեան եղած է հայ Աւետարանական համայնքի առաջնորդներէն՝ ինչպէս տեղական, այնպէս ալ համաշխարհային մակարդակի վրայ։ Բարձր արժեւորուած իբրեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարիչ Գործադիր Տնօրէն, ան յաջողած է ամրագրել կազմակերպութեան գործն ու ազդեցութիւնը ոչ միայն հաւատացեալ շրջանակներու, այլեւ ամբողջ ազգի կեանքին մէջ։ Ան եղած է նաեւ Համաշխարհային Աւետարանական Ընկերակցութեան Նախագահը՝ ոգի ի բռին ծառայելով իր սիրած համայնքին եւ որպէս կամուրջ տարբեր եկեղեցական համակարգերու եւ հոգեւոր շարժումներու միջեւ ամենուրէք։

Կարժէ յիշատակել Վերապատուելին ականաւոր մասնակցութիւնը բազմաթիւ համաշխարհային հոգեւոր կառոյցներու, եկեղեցական վարչութիւններու եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւններու մէջ՝ բարձր մակարդակի ներկայութեամբ ներկայացնելով հայ Աւետարանական համայնքը համաշխարհային հարթակներու վրայ։

Իր երկարամեայ եւ հետեւողական գործունէութեան շնորհիւ եւ որպէս հայոց մեծասքանչ ոսկեղնիկի  հաւատարիմ երկրպագու՝ Վերապատուելի Ճանպազեան նաեւ եղած է Երեւանի Աւետիսեան Վարժարանի գլխաւոր հիմնադիրը, ուր տասնեակ տարիներ շարունակ որակեալ կրթութիւն կը ստանան Հայաստանի բազում աշակերտներ՝ քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով դաստիարակուելով։

Սիրելի ընթերցող կը յիշեմ, 1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժին օրերուն, Վերապատուելին անմիջապէս արձագանգեց։ Ան ոչ միայն կազմակերպեց մարդասիրական առաջին օգնութեան առաքումներ, այլեւ համակարգեց ամերիկեան եւ միջազգային օժանդակութեան զգալի հոսք՝ հայ ժողովուրդին կենսական կարիքներուն ի պատասխան։

Անոր հոգեւոր տեսլականը ընդգրկեց նաեւ Արցախը՝ ուր Մովսէս Ճանպազեան եղաւ այն փոքրաթիվ առաջնորդներէն, որ նախաձեռնեցին Արցախահայութեան մէջ եկեղեցական կեանքի վերակենդանացումը եւ պատանեկան ու երիտասարդական ճամբարներու մեկնարկումը, տարիներ շարունակ հոգալով նաեւ անոնց հոգեւոր, բարոյեական, նիւթական եւ բարեսիրական աջակցութիւնը։

Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգի մէջ, Վերապատուելին եղաւ Հայ Աւետարանչական նոր կեդրոնի մը հիմնումի գլխաւոր նախաձեռնողներէն մին, ուր հոգեւոր ծառայութիւն, կրթական եւ համայնքային ծրագիրները կեանք ստացան, որ կը մատուցուին մինչեւ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն։

Կ՚արժէ յիշատակել Վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի զանազան երկիրներու մէջ նախաձեռնութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ հոգեւոր, ազգային ու բարեսիրական բազմաթիւ ծրագրերու՝ ներառեալ Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Լատինական Ամերիկա եւ նախկին Խորհրդային միութեան հանրապետութիւններ։

Իր ծառայութեան տարիներուն, Վերապատուելին մեծապէս նպաստեց հայ հոգեւոր եւ համայնքային վերածնունդին՝ մասնաւորաբար Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ։ Ան ունեցած է առանցքային դերակատարութիւն Հայաստանի մէջ եկեղեցաշինութեան, հովիւներու կրթութեան, երիտասարդական ծրագրերու ստեղծման եւ մարդասիրական օգնութեան համակարգման մէջ։ Անոր ջանքերով բազմաթիւ  եկեղեցիներ վերագտան իրենց դերը՝ որպէս հաւատքի, արժէքներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կեդրոններ։

Սփիւռքի մէջ եւս, Վերապատուելի Ճանպազեանի հոգեւոր առաջնորդութիւնը տեւական ազդեցութիւն ունեցաւ՝ մասնաւորաբար ամերիկահայ, միջինարեւելքեան եւ եվրոպական հայ համայնքներուն մէջ։ Իր քարոզներով, գրականութիւնով եւ համաժողովներու նախաձեռնութեամբ՝ ան ծառայեց որպէս կամուրջ՝ սերունդներուն միջեւ եւ իբրեւ շինիչ ձայն՝ ապագայատեսիլ ուղեգծման։

Այս յոբելենական տարիին, ընտանեօք, ընկերակցութեամբ եւ համայնքով կը յիշենք Մովսէսի սիրտն ու խօսքը, առաջնորդութիւնն ու խոնարհութիւնը։ Անոր թողած ժառանգութիւնը յարատեւ ներշնչման աղբիւր կ՚զգենու բոլոր անոնց համար, որոնք կոչուած են ծառայելու հաւատքին, ազգին եւ մարդկային արժանապատուութեան։

Վերապատուելիի ծննդեան եւ մահուան երկու յիշարժան տարեդարձներու առիթով, մենք կը յարգենք ու կը գնահատենք այն կեանքը, որ ապրուած էր ի սպաս Աստուծոյ, ազգին եւ համամարդկութեան։

Կը հաւատամ Վերապատուելի Ճանպազեանի թողած ժառանգութիւնը ոչ միայն անցեալի պատմութիւնն է, այլ կենդանի ուղեցոյց եւ առաքելութիւն ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։

Յաւիտենական յիշատակ՝ վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանին, որ եղաւ հաւատքի առաջնորդ, ազգի ծառայ եւ մարդասիրութեան տէր՝ Տեսիլքի եւ Արաքելութեան գլխագիր մարդ։

 

Յակոբ Ճանպազեան

Թորոնթօ