Իրանը, անկասկած, պիտի թիրախաւորէ Իսրայէլը Թեհրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յարձակման պարագային, քանի որ անոնք մէկ ամբողջութիւն են։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Al Mayadeen հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի խորհրդական Ալի Շամխանին։
Լրագրողը անոր հարց ուղղած է՝ արդեօք Իրանը պիտի պատասխանէ Իսրայէլին, եթէ Միացեալ Նահանգները հարուած հասցնէ։
«Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները երկու առանձին միաւորներ չեն, այլ նոյնն են, ինչպէս փաստերով կ՚ապացուցուի»,– նշած է ան։ «Ենթադրութիւնը, թէ Ամերիկան պիտի հարուածէ առանց Իսրայէլի մասնակցութեան, հիմնարար սխալ է»։
Շամխանինի խօսքով՝ եթէ Միացեալ Նահանգները հարուածէ, ապա «Իսրայէլը, անշուշտ, պիտի ներգրաւուի, եւ պատասխանը պէտք է համաչափ ըլլայ»։ Ան աւելցուցած է, որ պատասխանի մաշտապը «կախուած է անոնց գործողութիւններէն եւ քայլերէն»։
«Մենք պիտի պատասխանենք եւ պիտի հակադարձենք նոյն կերպով»,– շեշտած է ան։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Իրանի հետ բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ Ան նաեւ նշած է, որ միջուկային համաձայնագրի բացակայութիւնը վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իրանի համար։ Թրամփը յիշեցուցած է, որ ամերիկեան հսկայական ռազմական նաւատորմ կը շարժի դէպի Իրան։