Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանին հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։
Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տուեալով՝ Պաղերի Քանին երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանի նախագահի եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան մահուան կապակցութեամբ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կարեկցանքի ու ցաւակցական ուղերձներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ սուգ յայտարարելու համար։
Նշուած է, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են «Պաղեստինի իրադրութեան առնչուող հարցեր»։ «Իսլամադաւան երկրները պէտք չէ որեւէ միջոց խնայեն Պաղեստինի ժողովուրդին աջակցելու համար»,- յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարարի պաշտօնակատարը։
Ֆիտան աջակցութիւն յայտնած է Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութեան հարցով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու արտահերթ նիստ հրաւիրելու Իրանի առաջարկին։