image

ՀԱՊԿ խաղաղապահները մարտական գործողութիւններու չեն մասնակցիր

ՀԱՊԿ խաղաղապահները մարտական գործողութիւններու չեն մասնակցիր

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահները չեն մասնակցիր մարտական գործողութիւններուն: ՀԱՊԿ խաղաղապահները պատասխանատու են պետական կառոյցներու պահպանութեան համար: Այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Տաուրեն Ապաեւը:

«ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու խաղաղապահներուն առաքելութիւնը խաղաղապահ բնոյթ ունի: ՀԱՊԿ զինուորները մարտական գործողութիւններուն չեն մասնակցիր, չեն զբաղիր գրոհայիններու ոչնչացմամբ», ըսած է Աւաեւը՝ յաւելելով, որ ՀԱՊԿ խաղաղապահները պիտի իրականացնեն պետական կառոյցներու պահպանութիւնը: