image

Հանգուցեալ Ժանէթ Ամպարճեանի հոգեհանգիստը ՝ Հալէպի մէջ

  Հանգուցեալ Ժանէթ Ամպարճեանի հոգեհանգիստը ՝ Հալէպի մէջ

Վաղը 29 յունուար 2023-ին Հալէպի Սուրբ Աստուածածին (Վիլլաներ շրջան) եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ Պատարագի պիտի կատարուի հոգեհանգիստ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հանգուցեալ Տիկն. Ժանէթ Ամպարճեանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ հանգուցեալը եղած է նուիրումով ապրող հայուհի եւ իր ամբողջ ներուժը բաշխած իր սիրելի չորս զաւակներուն , թոռներուն ու ծոռներուն վրայ։ 

Շնորհիւ իր աննկուն կամքին, որպէս առաքինի մայր կարողացած է հաւասարակշռել ընտանիք, ազգ ու եկեղեցի երեք հիմնարար սիւներու ամբողջութիւնը եւ հաւասարաչափ կերպով նուիրուիլ բոլորին։

Ան եղած է գիտակից հայուհի եւ կարողացած է հասկնալ ու ապրիլ ընտանիքի մեծ արժէքով, միաժամանակ հաւատալով, որ ազգը ազգ դարձնող հիմնական դրոյթը ՝ հայաշունչ ոգիով ապրող ընտանիքն է ու այդ ոգիով ալ սերնդագործած ու դաստիարակած է իր զաւակներն ու թոռները։

 Այս տխուր առթիւ կրկին անգամ մեր վշտակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ յատկապէս «Արեւելք»ի բարեկամներէն, հալէպահայ նուիրեալ արուեստագէտ՝ Տիար Ճօրճ Ամպարճեանին։