Համաշխարհային աստղ Ճենիֆըր Լոփեզ համերգային շրջագայութեան շրջածիրէն ներս պիտի այցելէ Հայաստան։ Ան այս մասին յայտնած է «Ինսթակրամ»ի իր պաշտօնական էջին։
Ճենիֆըր Լոփեզ գրած է, որ 2025 թուականի ամռան ելոյթ պիտի ունենայ օտարերկրացի երկրպագուներու համար։
«Արտասահմանցի երկրպագուներուս կը տեղեկացնեմ, որ այս ամառ քանի մը համերգ պիտի ունենամ: Արդէն անհամբեր եմ, որ տեսնեմ բոլորդ: Չափազանց շատ ժամանակ անցած է: Հրաշալի ամառ կը սպասուի»,– գրած է Լոփեզը։
Ան նշած է նաեւ, որ տոմսերու եւ համերգներու ամսաթիւերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար անհրաժեշտ է հետեւիլ «On The JLo» ինսթակրամեան պաշտօնական էջին։ Այս էջէն կը տեղեկանանք, որ համերգը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 3-ին Երեւանի մէջ` Վազգէն Սարգսեան հանրապետական մարզադաշտին մէջ։
Երգչուհին համերգային շրջագայութեան շրջածիրէն ներս պիտի այցելէ նաեւ Սպանիա, Ղազախստան, Լեհաստան, ԱՄԷ, Հունգարիա, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ։