image

ՀԱՄԱՍ-ը պէտք է ոչնչացուի, պէտք է ստեղծուի Պաղեստին պետութիւն. Պայտըն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի մասին

ՀԱՄԱՍ-ը պէտք է ոչնչացուի, պէտք է ստեղծուի Պաղեստին պետութիւն. Պայտըն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի մասին

Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածի բռնագրաւման որեւէ քայլ «մեծ սխալ» կ'ըլլայ, ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը՝ յոյս յայտնելով, որ Եգիպտոսի եւ Կազայի հատուածի սահմանին գտնուող անցակէտը կը բացուի, որ ապահովուի մարդասիրական օգնութեան մուտքն ու օտարերկրեայ քաղաքացիներուն հնարավորութիւն տրուի լքելու անկլաւը, քանի որ իսրայէլեան զօրքերը կը շարունակեն պատրաստուիլ ցամաքային ներխուժման:

Կիրակի CBS հեռուստաալիքի 60 Minutes-ին տուած հարցազրոյցին Պայտըն կարծիք յայտնած է, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորումը պէտք է ոչնչացուի, բայց պէտք է նաեւ ճանապարհ ըլլայ դէպի Պաղեստին պետութիւն:

«Այդ ճանապարհը, որ կը կոչուի «երկու պետութիւններու ստեղծմամբ լուծում», երած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը տասնամեակներ շարունակ: Այն Իսրայէլի կողքին անկախ պետութիւն պիտի ստեղծէ 5 միլիոն պաղեստինցիներու համար, որոնք կ'ապրին Կազայի եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին», - աւելցուցած է Պայտենը:

Հարցին, թէ արդեօք ան կ'աջակցի Կազայի բռնագրաւման, Պայտըն պատասխանած է. «ՀԱՄԱՍ-ը չի ներկայացներ ամբողջ պաղեստինեան ժողովուրդը, ուստի կը կարծեմ, որ Իսրայէլի կողմէ Կազան կրկին գրաւելը մեծ սխալ կ'ըլլայ»:

Պայտըն, որ հաստատուն աջակցած է Իսրայէլին եւ, ըստ տեղեկութիւններու, կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այցելել այդ երկիր, ըսած է, որ ՀԱՄԱՍ խմբաւորման «բարբարոսութիւնը նոյնքան հետեւանքային է, որքան Հոլոքոսթը»։

«Կը կարծեմ՝ Իսրայէլը պէտք է պատասխանէ: Անոնք պէտք է երթան ՀԱՄԱՍ-ի ետեւէն: ՀԱՄԱՍ-ը վախկոտներու խումբ մըն է: Անոնք կը թաքնուին խաղաղ բնակիչներու ետեւ»,-ըսած է ան: 

Ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ ներխուժելն ու «ծայրայեղականները դուրս հանելը» «անհրաժեշտ պահանջ է»։

Հարցին, թէ արդեօք ՀԱՄԱՍ-ը պէտք է ամբողջութեամբ վերացուի, ան դրական պատասխան տուած է: