image

«Համաս»-ի պատուիրակութիւնը Գահիրէի մէջ. պիտի կայացուին բանակցութիւններ

«Համաս»-ի պատուիրակութիւնը Գահիրէի մէջ. պիտի կայացուին բանակցութիւններ

Պաղեստինեան «Համաս» շարժման ներկայացուցիչները 7 ապրիլին կը ժամանեն Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ քննարկելու Կազայի մէջ հրադադարի եւ պատանդներու փոխանակման վերաբերեալ իսրայէլեան կողմի հետ համաձայնագիրներ կնքելու հետագայ գործողութիւնները։ 

Այս մասին յայտնած է շարժման ղեկավարութեան ներկայացուցիչը։

«Վաղը՝ կիրակի, «Համաս»-ի պատուիրակութիւնը եգիպտական կողմի հրաւէրով կը մեկնի Գահիրէ՝ քննարկելու պաղեստինեան հատուածին մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիրը», - ըսած է «Համաս»-ի ղեկավարութեան անդամը: Անոր խօսքերը մեջբերած է «Al Jazeera» հեռատեսիլային ալիքը։ 

Ան տեղեկացուցած է, որ վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին բանակցային գործընթացը վերսկսելու վերաբերեալ բուռն քննարկումներ կ'ընթանան «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի եւ միջնորդներուն միջեւ։

«Համաս»-ի առաջնորդը, աւելցուցած է շարժման ղեկավարութեան ներկայացուցիչը, շեշտած է, որ բանակցութիւններու ցանկացած փուլ պէտք է սկսիլ Կազայի հատուածէն իսրայէլեան բանակի ամբողջական դուրս ելլելու պահանջներու ընդունման հիման վրայ: