image

«Համաս» ազատ արձակեց 3 իսրայէլցի պատանդներ

«Համաս» ազատ արձակեց 3  իսրայէլցի պատանդներ

«Համաս» ազատ արձակած է եւս 3 իսրայէլցի պատանդ. Էլի Շարապին, Օր Լեպին եպ Օհատ Պեն Ամին Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներու միջոցով փոխանցուած են Իսրայէլի ներկայացուցիչներոպն։

Իսրայէլցի պատանդներն ազատ արձակուած են 491 օր անց։

Կ՚ակնկալուի, որ այսօր Իսրայէլն ազատ կարձակէ 183 պաղեստինցիներ, որոնց կը պահէ իր բանտերուն մէջ, անոնցմէ 18-ը ցմահ ազատազրկման դատապարտուածներ են։

Հրադադարի համաձայնութեան այս փուլին պայմանաւորուածութիւն կայ, որ ընդհանուր առմամբ 1904 պաղեստինցի ազատ արձակուի Իսրայէլի բանտերէն, եւ իսրայէլցի 33 պատանդ ազատութեան մէջ ըլլայ։