Թուրքիոյ պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը մանրամասներ յայտնած է Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ ու Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներու՝ Սահիպա Կաֆարովայի, Մուսթաֆա Շենթոփի եւ Ասատ Քայսերի կողմէ ստորագրուած «Պաքուի հռչակագրէն»։
Հռչակագրին մէջ նշուած է, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է այդ 3 երկիրներու աւելի համապարփակ համագործակցութիւնը: Կողմերը վերահաստատած են ահաբեկչութեան, համակարգչային յարձակումներու (Cyber attack), խառնածին (hybrid) պատերազմներու եւ շարք մը երկիրներու մէջ նկատուող իսլամաֆոպիայի դրսեւորումներու դէմ պայքարելու ուղղութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Հռչակագրին մէջ առանձին անդրադարձով շնորհաւորանք կայ ուղղուած Ատրպէյճանի կառավարութեանն ու ժողովուրդին «Հայաստանի երեսնամեայ բռնատիրութենէն ետք տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու առիթով»:
Թուրքիոյ ու Փաքիստանի խորհրդարանի նախագահները «դատապարտած են Հայաստանը ականապատ տարածքներու քարտէզները Ատրպէյճանին չտալու համար», ինչպէս նաեւ լիակատար համերաշխութիւն յայտնած Ատրպէյճանին «ազատագրած տարածքները վերականգնելու եւ տեղահանուած անձանց իրենց տուներ վերադարձնելու համար»: