image
Հրատապ լուրեր:

Համացանցը վերադարձաւ Արցախ

Համացանցը վերադարձաւ Արցախ

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով վարած բանակցութիւններու շնորհիւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ընկերութեան տեխնիկական մասնագէտները յաջողած են մեկնիլ վթարման վայր եւ համապատասխան աշխատանքներ իրականացնել ցանցալարի վնասուած մասը վերականգնելու ուղղութեամբ։

Այս մասին յայտնած են Արցախի տեղեկատաուկան շտաբէն։

Այս պահի դրութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքին համացանցի կապը վերականգնուած է։

Նշենք, որ 12 յունուարէն Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքին համացանցի կապը խափանուած էր` Հայաստանէն Արցախ եկող միակ ցանցալարի վնասման պատճառով։

Ըստ Արցախի մէջ գործող համացանցի կապի՝ «Ղարաբաղ Տելեկոմ»ի տեխնիկական սարքերու տուեալներու՝ ցանցալարը վնասուած էր Լաչինի միջանցքի այն հատուածին, ուր տեղակայուած են բնապահպան ձեւացող ատրպէյճանական կառավարութեան գործակալները։