ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան մամլոյ դիւանէն վերահասու կը դառնանք, թէ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերէն երեք շաբաթ առաջ, պատրաստութիւնները արդէն իսկ ամբողջացած են 20-30 Յուլիս 2022-ին Հայաստանի մէջ յիշատակելի մարզախաղեր կատարելու համար. յստակացած են մարզախաղերուն մասնակցող 20 պատուիրակութիւնները՝ 19-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ական շրջաններ եւ Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ.ը։ Կատարուած է նաեւ հաւաքական մարզախաղերու մրցումներուն առցանց վիճակաձգութիւնը եւ ճշդուած են մրցակից խումբերը։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը, 41 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ ունին 12 մարզախաղեր.- ֆութպոլ, ֆութսալ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, թենիս, աթլէթ, ճատրակ, լող, կոլֆ, ծովափի վոլիպոլ եւ 3x3 պասքեթպոլ։ Վերջին երեք մարզախաղերը կը կիրարկուին առաջին անգամ ըլլալով։ Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ են յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու մարզախաղեր՝ «Հրաշք» անունով։
Յատկանշական է, որ այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի, Թիֆլիսի, Ամմանի, Միւնիխի եւ Սթոքհոլմի շրջանները։
Մարզախաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը կը կատարուի 22 Յուլիսին՝ «Հայ մարզիկի օր»ը, հրապարակային մեծաշուք հանդիսութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ընկերային ցանցերով։ Ուղղակի կը սփռուին նաեւ մարզախաղերու մասնակիցներուն Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելութիւնները, աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Մարզախաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան կը ժամանեն 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, մարզիչներ եւ մարզական պատասխանատուներ։ Անոնց կողքին, յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ կը կատարեն «Հրաշք» խաղերը եւ կը մասնակցին պաշտօնական բացման հանդիսութեան։
Ստորեւ՝ հաւաքական մարզախաղերու մասնակից շրջաններուն ընդհանուր պատկերը.-
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Արեւմտեան Մ. Ն. (1)
2. Լիբանան
3. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.
4. Արեւելեան Մ. Ն. (2)
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Արեւելեան Մ. Ն. (1)
2. Աւստրալիա
3. Սուրիա
4. Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Աւստրալիա (1)
2. Աւստրալիա (2)
3. Արեւմտեան Մ.Ն. (1)
4. Լիբանան
5. Սուրիա
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Արեւմտեան Մ.Ն. (1)
2. Աւստրալիա
3. Թիֆլիս
4. Հարաւային Ամերիկա
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Երուսաղէմ
2. Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս
3. Սուրիա
4. Լոնտոն
ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Հարաւային Ամերիկա
2. Արցախ
3. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (1)
4. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (2)
ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Լիբանան
2. Մարսէյ (2)
3. Սթոքհոլմ
4. Սուրիա
5. Երուսաղէմ
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Հարաւային Ամերիկա
2. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.
3. Գանատա
4. Աւստրալիա
5. Մարսէյ (1)
ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Աւստրալիա
2. Հարաւային Ամերիկա
3. Գանատա
4. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3x3 ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (1)
2. Լիբանան
3. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (2)
4. Լոնտոն
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (3)
2. Գանատա
3. Սուրիա
4. Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3x3 ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Լիբանան (1)
2. Լիբանան (2)
3. Սուրիա
ԾՈՎԱՓԻ ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Գանատա
2. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (1)
3. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (2)
4. Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. (3)
Անհատական մարզախաղերու պարագային, շրջաններու մասնակցութեան պատկերը կը պարզէ հետեւեալը.-
Աթլէթ.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արցախ եւ Լոնտոն։
Թենիս.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ։
Փինկ-փոնկ.- Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս, Պաղտատ, Սթոքհոլմ, Գանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Մ.Ն., Արցախ, Թիֆլիս։
Լող.- Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Լոնտոն։
Ճատրակ.- Պաղտատ, Միւնիխ, Գանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Մ.Ն., Թիֆլիս, Լոնտոն, Սուրիա։
Կոլֆ.- Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ։