HALO Trust ականազերծման միջազգային ՀԿ-ն յայտարարութիւն տարածած է, Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ։
«HALO Trust ականազերծման միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը լրջօրէն մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակմամբ, որ միակ մուտքը կ'ապահովէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։
Շրջափակումէն գրեթէ մէկ ամիս անց կազմակերպութիւնը ուշադիր կը հետեւի շրջափակման մարդասիրական ազդեցութեան: HALO Trust-ի մօտ 100 աշխատակից ներկայիս կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ կազմակերպութիւնը կը վերահսկէ անոնց համար ապրանքներու եւ այլ իրերու հասանելիութիւնը։
HALO Trust-ը կ'ակնկալէ խնդրի շուտափոյթ լուծում եւ մշտական կապի մէջ է գործընկերներու եւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ՝ անհրաժեշտութեան պարագային մարդասիրական օգնութիւնը համակարգելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: