Հալէպի մէջ գործող ՀԲԸՄ -ՀԵԸ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Օրերս թատերախումբի վարչութիւնը շարունակելով երկար տարիներու աւանդութիւնը պարգեւատրումի արժանացուցած է«Պետրոս Ադամեան»ական երկու փայլուն գործիչներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ պարգեւատրեալներն են՝ Ներսէս Տաղլեանն ու Հուրի Պասմաճեանը
Երկու պարգեւատրեալները երկար տարիներէ ի վեր կը գործեն թատերախումբին մէջ։ Մինչ Տաղլեան որպէս դերասան եւ ապա վարչական պատասխանատու աւելի քան յիսուն տարուան վաստակ մ՚ունի, անդին ոչ միայն հայկական թատրոնի նուիրեալ է այլ նաեւ հանդէս եկած է Սուրիոյ թատերական , ինչպէս նաեւ շարժանկարի աշխարհին մէջ։
Նշենք նաեւ, որ նոյն երկոյթին գնահատականքի յատուկի գիր ստացած է թատերախումբի երիտասարդ անդամներէն, դերասան ՝Կարօ Աղբարալեանը։
Հանդիսութեան ներկայ եղած են մեծաթիւ հանդիսականներ վկայելու համար ՀԵԸ-ի հանդէպ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ տիրող ազգակերտ մթնոլորտը ու նորովի գօտեպնդուելու վառ գալիքի յոյսերով։
Յաջողութիւն ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը առաջ տանողներու եւ մասնաւորապէս «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի բոլորանուէր անդամներուն։