image

Հալէպի մէջ. ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդացի պատուիրակութիւն մը ՝ Առաջնորդ Սրբազանին այցելեց

  Հալէպի մէջ. ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդացի պատուիրակութիւն մը ՝ Առաջնորդ Սրբազանին այցելեց

Օրերս Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդացի (ՀԵԸ) պատուիրակութիւն մը այցելած է Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան։ 

 Այցելուները ընդունուած են Թեմակալ Առաջնորդին կողմէ, իսկ այս մասին յաւելեալ գրած է Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջը։

Ստորեւ կատարուած լրատուութիւնը։

 

Չորեքշաբթի, 24 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի անդամները։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, արծարծուեցան ներկայ կեանքը յուզող դժուարութիւնները, յոյս յայտնելով, որ պայմանները կը բարելաւուին եւ միասնական ճիգով կը կարողանանք դուրս գալ այս իրավիճակէն, հնարաւորինս օգտակար դառնալով երիտասարդութեան։

Գործադիր Մարմինի ատենապետ տիար Գօգօ Շամամեան, Սրբազան Հօր նուիրեց Միութեան 2024-ի օրացոյցը եւ յուշանուէր մը։ 

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Գործադիր Մարմինի անդամները եւ առաւել ուժ, կորով, համբերութիւն եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։