Հալէպէն տխուր լուր ստացանք։
Մահացած է Ֆլորա Ամպարճեան- Արսլանեանը։
1945 Թուականին իր աչքերը Հալէպի մէջ բացած մեր հայրենակցուհին սիրուած անձնաւորութիւն էր իր շրջապատէն ներս։
Որպէս թանկագին եւ սիրելի հոգի մը, ան մինչեւ իր վերջին շունչը իսկական մայրութիւն կատարած է իր սիրելի զաւակներուն։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ մեր հայրենակցուհին հայկական շունչով ու ոգիով դաստիարակած է իր զաւակները ու դառնալով տիպար եւ օրինակելի մայր ու տիրուհի։
Անոր որդին Ճօրճ Ամպարճեան ահա այս սիրակէզ տողերով կը ներկայացնէ սիրելի մայրիկին աւանդը. Ամպարճեան կը գրէ ՝ «Բարութեան, ազնուութեան, համեստութեան մարմնացում էր մայրս:
Մայրս որքան քնքշանք կայ այս մէկ բառի մէջ։ Դուն միշտ մեր սիրտերուն մէջ պիտի մնաս...
Սիրոյ եւ նուիրումի, խորհրդանիշ դարձար քեզ մշտապէս սիրող զաւակներուդ թոռնիկներուդ, ծորերուդ եւ քեզ յարգող հարազատներուդ համար։ Հանգչիր խաղաղութեամբ մայր իմ սիրելի»։
Նշենք, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարու իը մայիսին Հալէպի Վիլլաներ հայահոծ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Երեքշաբթի, 9 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին) , որմէ ետք ալ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր սրտազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր պարագաներուն եւ ի մասնաւորի մեր թերթի բարեկամ, հալէպահայ արուեստագէտ՝ Տիար Ճօրճ Ամպարճեանին։