image

Հալէպի մէջ. 100-ամեայ «Կրթասիրաց»ը նոր եւ խոստմնալից հունձք տուաւ

 Հալէպի մէջ. 100-ամեայ  «Կրթասիրաց»ը  նոր  եւ խոստմնալից հունձք տուաւ

Հալէպի մէջ, օրերս տեղի ունեցած է Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդէսը։

1924-ին ծնունդ առած Կրթասիրաց Վարժարանը, որպէս հայակերտումի եւ մարդակերտումի դարբնոց, 2024-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, այդ առթիւ ալ Երկրորդականի հունձքը կոչուեցաւ 100-ամեակի հունձք։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ այս մասին կը գրէ՝

«Մանուկ մը կրթելը ազգ մը կրթել է» նշանաբանով 1924-ին ծնունդ առած Կրթասիրաց Վարժարանը, որպէս հայակերտումի եւ մարդակերտումի դարբնոց, 2024-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: 

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 7 Յուլիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդէսը, «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս:

Կրթասիրացէն շրջանաւարտ դարձան Թ․ կարգի 19-րդ եւ ԺԲ. կարգի 16-րդ հունձքերը: Երկրորդականի հունձքը կոչուեցաւ 100-ամեակի հունձք, որ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պիտի ընթանայ 100-ամեայ կրթօճախէն իր ժառանգած արժէքներով՝ դէպի նոր նուաճումներ: 

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան սեփական դպրոցներու ընդհ. տնօրէն Հասան ալ-Խալէտ, կրթական քննիչուհի Ֆաթիմա Թապշօ, Վարժարանի պետական տնօրէնուհի Ապիր Մուսան-Ատամ, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Խնամակալութիւնը, վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ, տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի ներկայացուցիչ օրդ. Մարալ Դերձակեան, մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեան, Ծնողաց յանձնախումբը, աշակերտներու ծնողներն ու հարազատները։ 

Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեցին Թ․ կարգի խումբ մը աշակերտներ, որոնք ողջունեցին ներկաները եւ երախտագիտական խօսքերով բարեյաջող երթ մաղթեցին իրենց երկրորդ տունը հանդիսացող կրթօճախին, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն: Օրուան Հանդիսավարն էր Մարինա Պօղիկեան: 

Շրջանաւարտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց նուագ, պար եւ ասմունք: Ջութակի, կիթառի եւ դաշնամուրի վրայ հայկական ժողովրդային երգերու ընտրանի մը նուագեցին խումբ մը աշակերտներ, տհոլի ընկերակցութեամբ՝ տեսուչ Յովիկ Օհանեանի, որուն կողմէ կատարուած էր երաժշտութեան մշակումը: 

Հայերէն ասմունքը նուիրուած էր Կրթասիրաց վարժարանի հիմնադրութեան100-ամեակին նաեւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին: Համադրումը կատարած էր հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկ. Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան: Աշակերտները յայտնեցին, թէ Սփիւռքի մէջ հայ մնալու ամենահզօր զէնքը հայ դպրոցն է, այն անառիկ ամրոցն ու հաստաբուն կաղնին, ուր կը կերտուին հայ սերունդները: Երեւան Էրեբունի երգը, «Քիչ Ենք Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնը եւ «Սարդարապատ» երգը յիշելով, անոնք հաստատեցին Պարոյր Սեւակի գրական ժառանգութեան ճամբով իրենց փոխանցուած սէրը՝ հանդէպ հայրենիքին եւ հայ ազգին: Աշակերտները կենդանի պատկերով ներկայացուցին «100-ամեակ» գրութիւնը եւ միասնաբար երգեցին Կրթասիրացի քայլերգը:  

Շրջանաւարտները գեղեցկօրէն ասմունքեցին վարժարանի 100-ամեակինիթ նուիրուած արաբերէն բանաստեղծութիւն, որուն հեղինակն էր տիար Յովիկ Օհանեան։ Ասմունքի պատրաստութեան հսկեց արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի օրդ. Սոնիա Թահհան: Հայկական եւ արաբական պարերը երանգաւորեցին հանդէսին յայտագիրը: Պարերը բծախնդրութեամբ պատրաստուած էին տեսուչ Նայիրի Օհանեան-Մարգարեանի կողմէ:  Հանդէսի կազմակերպչական աշխատանքին իրենց ներդրումը բերին նաեւ Մարիա Եղիայեան, տեսուչներ՝ Դալար Նաճարեան-Թոսունեան, Արշօ Քիւրիւմլեան-Ասլանեան, Յովիկ Հապէշեան, Թամար Գազէզեան-Սարգիսեան եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան սեփական դպրոցներու ընդհ. տնօրէն Հասան ալ-Խալէտ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդէսին ներկայ գտնուելուն համար, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ջերմապէս շնորհաւորեց վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք նուիրումով ուսում եւ կրթութիւն կը ջամբեն աշակերտներուն: Ան շնորհաւորեց 12-րդ կարգի աշակերտները, նոյն օրուան մէջ յայտարարուած պետական քննութիւններու արդիւնքներուն իրենց արձանագրած նուաճումին համար: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն, գնահատեց 100-ամեայ կրթօճախին նկատմամբ իրենց ունեցած վստահութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց զաւակներուն: 

Այնուհետեւ, տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի ներկայացուցիչ, ընդհ. տեսուչ Մարալ Դերձակեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան անդրադարձաւ 2023-2024 տարեշրջանի ուսումնակրթական գործունէութեան եւ վարժարանին ձեռք բերած նուաճումներուն: Ան կարեւորեց մայրենի լեզուին նկատմամբ վարժարանին բծախնդիր մօտեցումը: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, ծնողաց յանձնախումբին, քուլիսներու ետին աշխատողներուն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինին, Գ. Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Բաժանմունքին, Ամերիկայի Կրթասիրաց Սանուց Միութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին, «Dorcas», «SOS», «Hope Center», Մար Մանսուր եւ «together» հաստատութիւններուն, որոնք զանազան առիթներով նեցուկ կը կանգնին կրթօճախին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հայրական բարձր հովանաւորութեան եւ մշտական քաջալերանքին համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի պետական տնօրէնուհիին, պետական կրթական քննիչներուն, Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհ. տնօրէնին, Հալէպի կրթական տնօրէնին եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ միշտ կը քաջալերէ գիտութիւնն ու ուսումը: 

Վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան, որ կամքէ առկախ պատճառներով հանդէսին ներկայ չգտնուեցաւ, տեսերիզի ճամբով փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, որոնք աւարտական հանգրուանը յաջողութեամբ աւարտելով պարծանք դարձան իրենց ծնողներուն, կրթօճախին, Սուրիական հայրենիքին եւ մայր հայրենիքին՝ Հայաստանին: Ան գնահատեց հանդէսի յաջողութեան նպաստող վարժարանի հոգաբարձութիւնը, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը, յատկապէս Մարալ Դերձակեանը: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց պետական կրթական քննիչուհի Ֆաթիմա Թապշոյին, վարժարանի պետական տնօրէնուհի Ապիր Մուսան-Ատամին, Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհ. տնօրէն Հասան ալ-Խալէտին,  Հալէպի կրթական տնօրէն Մուսթաֆա Ապտ ալ-Ղանիին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձնուիրաբար իրենց ներդրումը կը բերեն Սուրիոյ անունը բարձր պահելու ի խնդիր:

Այնուհետեւ, ԺԲ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ հրաժեշտի խօսք արտասանեցին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Հուսկ, պարգեւատրուեցան 2022-2023 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտները, ինչպէս նաեւ «Անդրանիկ եւ Սոնա Պօղոսեաններ» մրցանակի տուչութիւնը կատարուեցաւ՝ 7-րդ կարգէն մինչեւ 12-րդ կարգի հայերէն լեզուի եւ ընդհ. նիւթերու առաջնակարգերուն:

Ապա, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը: Որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Սրբազան Հայրը ապագային բացուող եւ յուսադրող բանակ համարեց 100-ամեակի հունձքը եւ իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր։

Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ մարդկօրէն եւ երախտապարտ հոգիով ապրին իրենց առջեւ բացուած նոր հանգրուանը, չմոռնալով այն արժէքները, որոնք իրենց մէջ սերմանած են իրենց ծնողներն ու վարժարանի ուսուցչական կազմը: Ան շնորհաւորեց ծնողները, իրենց յանձն առած զոհողութեան համար, գնահատեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան խնամակալութիւնը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ծնողաց յանձնախումբը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք մեր ազգային ու հոգեմտաւոր արժէքները ջամբեցին ուսանողներուն, հաւատալով, որ ապագային անոնք պիտի ներդրեն իրենց լաւագոյնը՝ Սուրիոյ բարգաւաճման, զարգացման եւ վերաշինութեան համար, գլխաւորութեամբ երկրի Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ ամէն վայրկեան ոտքի կանգնած է ուսումնակրթական դարբնոցները պաշտպանելու, ժողովուրդը առաջնորդելու եւ բանակին ու պատասխանատուներուն հետ կը փորձէ երկիրը վերականգնել: 

Հանդէսէն ետք, վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ խրախճանք տեղի ունեցաւ, վարժարանի շրջափակէն ներս։ Աշակերտները այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը հատեցին եւ իրենց ընտանիքներուն ու ուսուցիչներուն հետ հրաժեշտի հաճելի պահեր անցուցին: Խրախճանքի հանդիսավարութիւնը կատարեցին հայերէն լեզուով՝ տեսուչ Նայիրի Օհանեան-Մարգարեան, իսկ արաբերէն լեզուով՝ Յովիկ Քէշիշեան: