image

Հալէպի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար արք. հանդիպում ունեցած է համայնքի միութեանց պատասխանատուներուն հետ

    Հալէպի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար արք.  հանդիպում ունեցած է համայնքի միութեանց  պատասխանատուներուն հետ

  Բերիոյ (Հալէպի)  Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.  Մակար արք.ին հրաւէրով այսօր հանդիպում մը տեղի ունեցած է, որուն մասնակից դարձած   համայնքի  միութեանց պատասխանատու մարմիններն ու անձնաւորութիւնները։ 

 Ստորեւ «Արեւելք» կը ներկայացնէ  եղած  հանդիպման մասին   տրուած լրատւութիւնը՝

 

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 1։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան եւ Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան հանդիպում ունեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը պարզեց ներկայ վիճակը, յայտնելով որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ներկայ ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի  ցուցաբերեն եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտեն համայնքներու ներքին դրուածքին, կեանքին, ընդհակառակը՝ ազատութիւն պիտի տան անոնց՝ իրենց կեանքը վարելու, իրենց կրօնական եւ այլ արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ իրենց մշակութային իւրայատկութիւնը պահելու։

Ուստի Սրբազան հայրը յորդորեց խուճապի չմատնուիլ եւ զուսպ մնալ։ 

Մակար սրբազան նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայ օրերուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները, աւելցնելով ըսաւ, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ տնօրինումով հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն սկսաւ տրամադրուիլ հանգրուանաբար, գէթ այս շրջանի դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստելու։

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով, իրար նեցուկ կանգնելով, իրար օգնելով պիտի կարենանք յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները։

Այնուհետեւ խօսք առաւ թեմի Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան։

Րէիսեան յայտնեց, որ Ազգ․ Առաջնորդարանը իր կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով պատրաստ է ծառայելու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր։ Ան դիտել տուաւ, որ «Գանձասար»-ի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի էջերով ժողովուրդին տրամադրուեցան հեռաձայնի թիւեր, որպէսզի օգնութեան կարիք ունեցողները դիմեն մեզի։

«Մեզի համար էականը մեր համայնքի անվտանգութիւնն է, եւ այդ նպատակին համար պատրաստ ենք մեր կարելին չխնայել», յայտնեց Րէիսեան։

Ապա դիտել տուաւ որ Հալէպէն դուրս եկած եւ Սուրիոյ այլ նահանգներ հաստատուած հայ ընտանիքներուն գծով Ազգ. Վարչութիւնը կապ հաստատած է տեղւոյն պատասխանատու մարմիններուն հետ եւ թելադրած օգտակար դառնալ անոնց։

Րէիսեան յորդորեց զսպուածութեամբ հետեւիլ երկրի զարգացումներուն, յայտնելով որ քաղաքի մէջ տիրող դժուարութիւնները բնականաբար մէկ օրէն միւսը պիտի չլուծուին, ուստի հարկ է համբերել։

Եզրափակելով Րէիսեան ըսաւ․ «Մենք մէկ նպատակ ունինք՝ երաշխաւորել մեր գաղութի անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը։ Հալէպը ծանօթ է որպէս պատմական գաղութ։ Մենք զայն պատմութեան գիրկը պիտի չնետենք։ Մենք հո՛ս ենք, կողք-կողքի ու ձեռք-ձեռքի տալով մեր դժուարութիւնները միասնաբար պիտի յաղթահարենք։ Համայնքը լուծարելու ոչ մէկ տրամադրութիւն կայ։ Կարելի եղած ծառայութիւնները մեր սահմաններուն մէջ պիտի մատուցենք ժողովուրդին ու թիկունք կանգնինք անոր, իսկ եթէ մեկնիլ փափաքողներ կան՝ ազատ են իրենց ընտրութեան մէջ»։

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ժիրայր Րէիսեանին։