Օրերս Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող՝ Սալէմ Պալին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Հանգուցեալը երկար տարիներով եղած է անդամ Հալէպի Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, եւ այդ մասին ալ կարճ գրառում մը կատարած է երգչախումբի դիմատետրեան էջը։
Ստորեւ՝ գրառումը.
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի մեծ ընտանիքը կը գուժէ երաժիշտ հանգուցեալ Սալէմ Պալիին (Ծնեալ 1946) մահը, որ պատահեցաւ 25 Մարտ 2024-ին, Ժընեւի մէջ։
Ան «Զուարթնոց» երգչախումբին հիմնադրութեան թուականներէն ի վեր մեծ ներդրում բերած է իր աշխատանքներով, նամանաւանդ երգչախումբի արաբերէն երգերու մշակումով։
Խունկ և աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալի հոգիին խաղաղութեան համար։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։