image

Հակայարձակման հետեւանքով Ուքրանիան ունի աւելի քան 90,000 զոհ եւ վիրաւոր. Շոյկու

Հակայարձակման հետեւանքով Ուքրանիան ունի աւելի քան 90,000 զոհ եւ վիրաւոր. Շոյկու

Այս ամառ սկսած հակայարձակման ընթացքին Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած են աւելի քան 90 հազար զինուորական՝ սպանուած եւ վիրաւոր՝ մարտի դաշտին մէջ չհասնելով զգալի յաջողութիւններու։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Միայն յունիս 4-էն, այսինքն՝ Արեւմուտքի կողմէ լայնօրէն գովազդուած եւ առատաձեռնօրէն հովանաւորուող ուքրանական հակայարձակման սկիզբէն ի վեր, Քիեւը կորսնցուցած է աւելի քան 90 հազար զինուորական՝ սպանուած եւ վիրաւոր»,-ըսած է Շոյկուն՝ ելոյթ ունենալով Սիանշանի անվտանգութեան 10-րդ համաժողովին։

Ան նաեւ նշած է, որ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը նաեւ տեխնիկայի կորուստներ կրած է՝ ոչնչացուած է մօտ 600 հրասայլ, ինչպէս նաեւ տարբեր դասերու 1,9 հազար զրահամեքենայ։ Շոյկուն նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիան չէ կրցած մարտավարական նշանակալի յաջողութիւններու հասնիլ։