Փետրուար 28-ին` ժամը 15:40-ին, սահմանագիծի հարաւարեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է SPIKE տիպի հակահրասայլային կառավարուող հրթիռ, ինչ որ կը վկայէ, թէ հակառակ կողմը միտումնաւոր կը սրէ իրավիճակը առաջնագիծին վրայ, որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Թշնամիին կողմէ հակահրասայլային կառավարուող հրթիռի կիրառման արդիւնքով` Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չունի:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ օրուան ընթացքին, բացի ԱԹՍ կիրառելէ, հակառակորդը տարբեր հրաձգային զէնքերէ, որոնց շարքին` հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետերէ (ՀԱՆ-17 – 10 արկ) եւ 60 միլիմեթրնոց ականանետէ (2 արկ) շարունակած է խախտել հրադադարը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման, իսկ սահամագիծին վրայ իրադրութեան յետագայ սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի իյնայ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ: