Անցեալ գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ շարունակած է խախտել հրադադարը: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն, նշելով, որ կեդրոնացուած կերպով խախտումներ գրանցուած են Մարտունիի պաշտպանական ուղղութեամբ, ուր կիրառուած են ինքնաձիգեր, գնդացիրներ եւ դիպուկահար հրացաններ:
Ընդհանուր առմամբ ազրպէյճանական զինուժը առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով հրադադարի ռէժիմը խախտած է մօտ 45 անգամ՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 800 կրակոց: