Անցած գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է շուրջ 40 անգամ։ Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 600 կրակոց: