Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ կառավարութեան նիստին քննարկուած է Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ։ Ռեճէպ Էրտողանը յիշեցուցած է, որ հոկտեմբեր 18-ին Իսթանպուլի մէջ կայացած է «3+3» տարածաշրջանային գործակցութեան ձեւաչափով հանդիպումը:
«Հարթակն արդիւնաւէտ է եւ կը հասցէագրէ մեր կարեւոր կարիքները: Կը ձգտինք ատոր կառուցային բնոյթ հաղորդել»,- աւելցուցած է ան:
Էրտողան համոզմունք յայտնած է, որ տարածաշրջանին մէջ մշտական խաղաղութիւն հաստատելու բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է:
«Ուշադիր կը հետեւինք այդ ուղղութեամբ Հայաստանի անկեղծ ջանքերուն։ Կ՚ակնկալենք հնարաւորինս շուտ լաւ նորութիւններ ստանալ՝ նախքան արտաքին ուժերը հնարաւորութիւն կ՚ունենան խափանումի ենթարկել գործընթացը»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը, աւելցնելով, որ Անգարան պիտի շարունակէ աշխատիլ Պաքուի հետ համակարգմամբ: