image

Հաղորդուած է Ատրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորման մասին

Հաղորդուած է Ատրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորման մասին

Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութիւնը տեղեկութիւն տարածած է Լաչինի սահմանային անցակէտի գնդակոծման եւ  զինծառայողի վիրաւորման մասին:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ ծառայութենէն յայտնած են, որ 15 յունիսին՝ ժամը 08:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան խումբ մը զինծառայողներ Հաքարիի կամուրջի ուղղութեամբ յառաջխաղացման փորձ կատարած են՝ ՀՀ տարածքին մէջ դրօշ տեղադրելու նպատակով:

Հայկական կողմի ձեռնարկած միջոցներու շնորհիւ ատրպէյճանցի զինծառայողներու յառաջխաղացման եւ ՀՀ տարածքին մէջ դրօշ տեղադրելու փորձը  կանխուած է: