image

Haaretz. Նաթանիահուն եւ անոր կառավարութիւնը դաւաճաններ են…

Haaretz. Նաթանիահուն եւ անոր կառավարութիւնը դաւաճաններ են…

«Haaretz»-ը շարունակած է. «Անոնք կը դաւաճանեն իրենց պարտականութիւնը եւ կը հրաժարին Իսրայէլի անվտանգութենէն: Անոնք պէտք է հարուածեն սեղանին, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հրաժարին հրամանները կատարելէ, նաեւ օգտագործեն իրենց մարմինները՝ թոյլ չտալու համար, որ Իսրայէլն ու ողջ տարածաշրջանը վառի հոգեկան հիւանդ կառավարութեան զոհասեղանին, որ առեւանգած են (նկատի ունենալով կառավարութեան առեւանգումը - Խմբ.)»։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը« Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նշած են, որ իսրայէլեան անվտանգութեան կառոյցը համոզուած է, որ «Նաթանիահու-Պին Կավիր» կառավարութիւնը Իսրայէլը պիտի տանի համապարփակ բռնկման։

 Աւելի վաղ իսրայէլեան լրատուամիջոցները նկատել տուած են, որ Բենիամին Նաթանիահուն «գերի չէ» ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պին Կավիրի ձեռքը, չի վախնար անկէ եւ կախեալ չէ անորմէ, սա սխալ եւ շատ տարածուած ընկալում է։

Իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը գրած է. «Պին Կավիրը այլ կառավարութիւն չունի ո՛չ հիմա, ո՛չ ապագային, եւ եթէ ան դուրս գայ դաշինքէն, ապա Իսրայէլի պատերազմական փոքրացուած կառավարութեան խմբակցութիւնները՝ Պենի Կանցը եւ նաեւ Ճէտհուն Սաարը կը պահեն այն այնպիսին, ինչպէս կայ։ Նոյնիսկ Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտն ըսած է, որ հաճոյքով կը ստանձնէ անոր (Պին Կավիրի) պաշտօնը։

Թերթը ընդգծած է, որ «Նաթանիահուն կ՚իրականացնէ Պին Կավիրի քաղաքականութիւնը, քանի որ այն նաեւ իր ուզածն է հիմա՝ համապարփակ, բազմաճակատ պատերազմ, մինչեւ բացարձակ յաղթանակ, որ երբեք պիտի չիրականանայ»։

Պարբերականը նաեւ մատնանշած է, որ Նաթանիահուն «ռազմական մակարդակի վրայ անցեալին յայտնի էր իր զգուշաւորութեամբ եւ կորուստներու վախով, սակայն այժմ ան կտրուկ փոխուած է, որու հետեւանքով ալ ոչնչացած է անոր հասարակական վարկանիշը եւ կրճատուած անոր ժողովրդական յենարանը՝ ներառելով միայն իր հետեւորդները, «Հարիտիմները» (Իսրայէլացիներու կրօնական խումբ մը, որոնք կը մերժեն մասնակցիլ պատերազմական գործողութիւններու եւ կ՚ապրին յուդայական կրօնքի ուղղափառ կանոններով), որոնք արդէն չեն մասնակցիր պատերազմներու, եւ կրօնական ազգայնականները, որոնք կը համարեն որ զինուորներու եւ առեւանգուած քաղաքացիներու զոհաբերութիւնները շատ մեծ են. ինչ կը վերաբերի Նաթանիահուի կողմնակիցներուն, ապա անոնք կը մեղադրեն ձախերը»:

Այդ իսկ պատճառով Նաթանիահուն «պատրաստ է Ռամատան ամսուան ընթացքին հրկիզելու  իսլամներու համար նուիրական եւ սուրբ վայր հանդիսացող «Ալ-Աքսա»ի մզկիթը, աւելիով բորբորքելով դիմադրութիւնը: Սա Պեն Կավիրի եւ Սմոթրիչի բացառիկ օրակարգը չէ, այլ նաեւ Նաթանիահուի ծրագիրն է»,- ըստ թերթին։

Թերթը աւելցուցած է, որ անվտանգութեան կառոյցը համոզուած է, որ «Նաթանիահու-Պին Կավիր» կառավարութիւնը Իսրայէլը պիտի տանի համապարփակ բռնկման։ Եւ այստեղ, բանակի «մեծեր»ը, հանրային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ «Ալ Շապաքը»ը, եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները կը բաւարարուին արտայայտելով իրենց առարկութիւնները եւ նախազգուշացումները, եւ կոչ ընելով՝ նախապատրաստուելու աղէտին:

«Haaretz»-ը շարունակած է. «Անոնք կը դաւաճանեն իրենց պարտականութիւնը եւ կը հրաժարին Իսրայէլի անվտանգութենէն: Անոնք պէտք է հարուածեն սեղանին, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հրաժարին հրամանները կատարելէ, նաեւ օգտագործեն իրենց մարմինները՝ թոյլ չտալու համար, որ Իսրայէլն ու ողջ տարածաշրջանը վառի հոգեկան հիւանդ կառավարութեան զոհասեղանին, որ առեւանգած են (նկատի ունենալով կառավարութեան առեւանգումը - Խմբ.)»։

Թերթը եզրափակած է, ըսելով, որ Իսրայէլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ դարձած է մեկուսացած եւ անկայուն. այն նման է արեւմտեան ընկալմամբ՝ Հիւսիսային Քորէային։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Իսրայէլի պատերազմական փոքրացուած կառավարութեան անդամներ Պենի Կանցը եւ Ղատի Այզընքոթը սպառնացած են Բենիամին Նաթանիահուն՝ լուծարել «պատերազմական քապինեթ»ը։