Պոլսեցիի մը եթէ հարցնելու ըլլաք Հիսարը՝ ան, հարցումին անպայման պիտի փոխադարձէ հարցումով մը՝ «ո՞ր Հիսարը. Ռումելիի՞, թէ՞ Անատոլուի»։ Բայց եթէ նոյն հարցումը յղելու ըլլաք պոլսահայու մը, մա՛նաւանդ «հի՛ն» պոլսահայու մը՝ անոր ընկալումով կայ միայն մէ՛կ Հիսար, Ռումելիհիսարը, որ իսկական հայաւան մըն էր մինչեւ անցեալ դարու 70-ականները։
Վոսփորի նեղուցի երկու ափերուն հանդիպակաց թառած այս երկու Հիսարները՝ Անատոլուի եւ Ռումելիի, իրենց անունը առած են հոն բարձրացող բերդերէն, այսինքն թրքերէնով՝ «հիսար»-ներէն։ Այդ բերդերը կառուցուեր են յաջորդաբար՝ 1395-ին եւ 1452-ին, վերահսկելու համար Վոսփորի ապահովութեան։
Թէ որո՞նք են Ռումելիհիսարի մէջ հայոց հաստատման պատճառները, պարագաները եւ աւելի համապարփակ բանաձեւումով՝ ինչպէ՞ս կը ներկայանայ Ռումելիհիսարի հայոց պատմութիւնը, այդ մէկը կը թողեմ մասնագէտներուն, պատմաբաններուն։
Ռումելիհիսարի (այսուհետեւ՝ Հիսարի) հետ իմ կապը նախ եւ առաջ կը սկսի հօրմէս, որուն ծննադավայրը եղած է, բայց անկէ առաջ ալ մեծհօրմէս ու մեծմօրմէս, անոնց ծնողներէն, որոնք Պարտիզակէն գաղթեր են հոն, հաստատուեր այդ հայաւանին մէջ։
Այսպիսի պորտալարով կապուած ըլլալով Հիսարին՝ իմ մանկութեան տարիներու կիրակնօրեայ ընտանեկան պտոյտներու, այցելութիւններու առաջնակարգ վայրերէն հանդիսացաւ ան, մինչ մենք կը բնակէինք Պոլսոյ կեդրոնական թաղամասերուն մէջ։
Հոս անմիջապէս կ՚ուզեմ նշել, որ յուշերս՝ բաւական մշուշոտ, 6-7 տարեկան երեխայի տարիներէս ըլլալով՝ կրնան ընդգրկել անճշդութիւններ, սխալներ կամ անտեսումներ, որոնց համար կանխաւ կը հայցեմ ներողամտութիւն։
1960-ականներու վերջաւորութեան եւ 1970-ականներու սկիզբի Հիսարը ոչ մէկ կապ ունի այսօրուանին հետ, որ բազմամարդ արուարձան քաղաք մը դարձած է։ Այդ տարիներուն շատ աւելի ամայի, կը յատկանշուէր մի՛այն իր նաւամատոյցով, անմիջապէս անոր դիմացի աւելի քան ցից, նոյնիսկ կառքերուն մղձաւանջ պատճառով զառիվերով, որ կ՚առաջնորդէր դէպի գիւղին սիրտը, ուր առաւելաբար հաստատուած էին երբեմնի բաղդատմամբ արդէն նօսրացած հայերը. կար թերեւս երկու, լաւագոյն պարագային՝ երեք նպարավաճառ, քանի մը այլ արհեստաւորի խանութ ու այդքան։ Խօսքս, այդ զառիվերէն վերերուն, Հիսարի բուն սրտին մասին է, քանի որ վարը՝ Վոսփորի ափը աւելի կանուխ «պղծուած էր քաղաքակրթութեան» կողմէ։
Հիսար մեր կիրակնօրեայ այցելութիւնները գլխաւորաբար կ՚ըլլային տեղւոյն Ս. Սանդուխտ հայկական եկեղեցւոյ մէջ այս կամ այն արարողութեան առիթով, որոնք այդ տարիներուն շատ աւելի յաճախադէպ էին։ Պատարագներէն եւ անոնց յաջորդող ու յուշերուս մէջ անջնջելի սիրոյ սեղաններէն ետք՝ իրենց գեղարուեստական բաժինով,– որոնց անպայման իր բաժինը կը բերէր հայրս ալ իր երգերով,– մեզի համար աւանդութիւն էր դարձած այցելել եկեղեցիէն հազիւ քանի մը քայլ անդին՝ հին բայց այլապէս գողտրիկ փայտաշէն տունը, ուր կը բնակէին Գուրգէն Թրենցը եւ իր սիրասուն կինը՝ տիկին Երմոնէն։
Տեսակ մը մեր ուխտատեղին դարձած անոնց այդ տունը,– որ հետագային՝ անոնց անդարձ մեկնումէն ետք հրոյ ճարակ դարձաւ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ, մեծ հաւանականութեամբ ձեռամբ՝ տեղը բարձրայարկ շինութիւն մը տնկել ցանկացողներու,– անառիկ ու անզուգական տեսարան մը ունէր. արդարեւ, անոր գտնուած բարձունքէն՝ ամբողջ Վոսփորը «ոտքերուդ տակ փռուած էր», ինչպէս սովորութիւն է ըսել ժողովրդական բարբառով։
Այդ տարիներուն արդէն յառաջացեալ տարիքի էին թէ՛ Գուրգէն Թրենցը, թէ՛ ալ իր անբաժան կողակիցը։ Երբ կ՚այցելէինք իրենց՝ հայրս, որ մեծ յարգանք կը տածէր երէց մտաւորականին նկատմամբ, անմիջապէս ազգային, գրական, քաղաքական տաք երկխօսութեան մէջ կը մխրճուէր անոր հետ, իրարու հետ գիրքեր, թերթեր կը փոխանակէին, մինչ տիկին Երմոնէն եւ մայրս աւելի ընտանեկան, տանտիկինի «օրակարգ»-ով կը տարուէին։
Սակայն, մտաւորական, բանաստեղծ ազգային գործիչ Գուրգէն Թրենցի յիշատակը երեխայի իմ յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է յատկապէս սա երկու բառերով՝ «քեռի» եւ «խխունջ»։ Որքա՜ն անկապակից բառեր, չէ՞։
Ինչպէս վերեւ ըսի, վկայութիւնս ըլլալով հազիւ 6-7 տարեկան երեխայի մը վկայութիւնը՝ չեմ գիտեր, թէ քաղաքական հակումներո՞ւ բերմամբ էր, թէ՞ Հայաստանի սիրոյն, բայց Գուրգէն Թրենց արտակարգ համարում ունէր Խորհ. Միութեան նկատմամբ, զոր կը կոչէր «քեռի»։ Այդ տարիներուն Վոսփորէն շատ յաճախ կ՚անցնէին խորհրդային նաւեր։ Եւ ինք կը սիրէր իր պատուհանին առջեւ աւելի քան յամրօրէն տողանցող իւրաքանչիւր խորհրդային նաւը ողջունել «քեռին կ՚անցնի» ըսելով. եթէ Հայաստանի առնչուող վարկածս ճիշդ է՝ թերեւս ալ այդ նաւերը իրեն կը բերէին պճեղ մը Հայաստան, ո՜վ գիտէ։
Ճիշդ այդ տարիներուն՝ ճակատագիրը այնպէս տնօրինեց որ մենք ալ, թողելով Պոլսոյ կեդրոնը, հաստատուէինք Հիսար, թէեւ ոչ շատ երկար ժամանակ, հազիւ 2-3 տարի։ Վարձակալ էինք տան մը մէջ, որ արտաքին աշխարհին հետ կապուած էր հազիւ թէ գիւղական հողածածկ արահետներով։ Եւ ահա այդ տարիներուն կը վերաբերի Թրենցի մասին յուշերուս միւս կարեւոր բաժինը։ Կը յիշեմ, որ անձրեւոտ օրեր, անձրեւի դադրելէն անմիջապէս ետք մեր տան մօտակայքը կը յայտնուէր սիրելի Թրենցի դիմաստուերը, գլխարկը գլխուն, անձրեւանոցը հագած, գաւազանը ձեռքին, որ ըստ ծնողքիս՝ ելած կ՚ըլլար խխունջ հաւաքելու։ Խխո՞ւնջ հաւաքել. բայց ի՞նչ ընելու համար։ Այդ տարիքիս եւ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ, ուր բնաւ նման սովորութեան մասին չէի լսած նախապէս, երբ իմացայ որ կը սիրէ եղեր ուտել խխունջ… կարելի է երեւակայել, թէ այդ տեղեկութիւնը ինչպիսի՛ ցնցում մը յառաջացուցեր էր երեխայի աշխարհիս մէջ, մինչեւ այսօր յիշողութեանս մէջ քանդակուած մնալու աստիճան, հակառակ անոր որ այդ օրերէն ասդին ընտելացած եմ այդ սովորութեան, նոյնիսկ եթէ բնաւ մաս չի կազմեր իմ նախասիրութիւններուն։
Վերջին անգամ ե՞րբ տեսանք Թրենց ամոլը՝ չեմ յիշեր։ Բայց կը յիշեմ իրենց կեանքի վերջին շրջանին,– նախ՝ Գուրգէն Թրենցի, ապա իր այրիին,– վիճակած զանազան դժբախտութիւններուն մասին խօսակցութիւնները ընտանեկան մեր երդիքին տակ եւ սա շատ բնական էր, քանի որ մեզի համար անոնք շատո՜նց դարձած էին աւելի քան հարազատներ։
Ահա խղճի պարտք մըն է որ կը հատուցեմ այսօր դժբախտաբար պատմութեան փոշիներուն տակ թաղուած պոլսահայ մեր մտաւորականներու հոյլէն Գուրգէն Թրենցի եւ իր անբաժան կողակցին՝ տիկին Երմոնէի բարի յիշատակին։ Նաեւ երախտագիտութեան խօսք մը թող նկատուին այս տողերը. այսօր, տասնամեակներու հեռաւորութենէ, որքա՜ն երախտապարտ եմ իրենց, որ ինծի պարգեւած են նման յիշատակներ, ցաւցնելու աստիճան խոր, բայց այնքա՜ն անուշ։
* * *
Քանի որ նիւթը Հիսարի մասին է, չեմ կրնար չանդրադառնալ այլ անձնաւորութեան մը եւս, որու հետ թէպէտ այնքան յուշեր չունիմ, որքան տէր եւ տիկին Թրենցի հետ։ Ազնուափայլ տիկին Սիրվարդ Գարամանուկեանն է ան, որ նոյնպէս կ՚ապրէր Հիսար, իր ամուսնոյն հետ (թերեւս ալ մի՛այն որպէս ամարանո՞ց հոն կու գային), ճիշդ ու ճիշդ նաւամատոյցին դիմացը։ Մասնագիտութեամբ երաժիշտ, երաժշտագէտ, դաշնակի ուսուցչուհի այս մտաւորական տիկինը նաեւ կ՚աշխատակցէր պոլսահայ մամուլին։ Եւ վստահաբար այդ պատճառով է, որ քանի մը անգամ ընտանեօք այցելած ենք նաեւ անոնց բնակարանը, հայրս ըլլալով մամլոյ մշակ մը։
Յարգա՛նք՝ նոյնպէս անոնց յիշատակին։
* * *
Ահա Ուիքիփետիայի մէջ Գուրգէն Թրենցի մասին քանի մը սեղմ տեղեկութիւն։ Համոզուած եմ, որ շա՜տ-շա՜տ աւելին էր ան։
Թրենց Գուրգէն (1888 Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան կայսրութիւն – 1972 Պոլիս, Թուրքիա), բուն անունով՝ Գուրգէն Թուրսարգիսեան։ Բանաստեղծ եւ ուսուցիչ։
Ծնած է Հաճըն եւ մահացած՝ Պոլիս։ Յաճախած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքի վարժարանը։ Վկայուած է Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղէն։ Ոսուցչագործած է Ս. Կարապետ վանքի, Պոլսոյ Թադէոսեան, Ինճիրտիպիի Աւետարանական եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Պաշտօնավարած է իբրեւ փոխտնօրէն Կեդրոնական վարժարանի եւ տնօրէն Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ։ Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին՝ բանաստեղծութիւններով եւ արձակ էջերով։ Օգտագործած է Աշուղ եւ Հագներգու գրչանունները։ Ունի անտիպ գեղագիտական արձակ էջեր։ Իր հրատարակուած գործերն են. Աշուղական (բանաստեղծութիւն), Պոլիս, 1934, Աշուղական (բանաստեղծութիւն, Պոլիս, 1939, Աշնանային (բանաստեղծութիւն), Պոլիս, 1945, Պատառիկներ (բանաստեղծութիւն), Պոլիս, 1967։
Յարութիւն Կոպէլեան