Բագրատ Սրբազան Իրան մեկնած է մասնաւոր այցով։ Այս մասին յայտնած է «Սրբազան պայքար» թելեկրամեան ալիքը։
«Անդրադառնալով Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի`Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն մեկնելու մասին զանգուածային լրատւութեան միջոցներու մէջ տարածուող տեղեկութիւններուն, կ՚ուզենք նշել, որ Սրբազան Հօր այցը հարեւան երկիր կը կրէ մասնաւոր բնոյթ։
Օգտուելով Թեհրանի մէջ գտնուելու առիթէն՝ Սրբազան պայքարի առաջնորդը նախօրէին հանդիպած է Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի հետ, որու մասին տեղեկացուցած ենք։ Իսկ այսօր երեկոյեան Բագրատ Սրբազանը պիտի հանդիպի Իրանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։