image

«Գործադրուող ճիգերը կարեւոր են». Միրզոյեան զրուցած է իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ

«Գործադրուող ճիգերը կարեւոր են». Միրզոյեան զրուցած է իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ

Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի միջեւ օրեր առաջ կայացած հեռախօսազրոյցի՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ վերջին զարգացումներուն՝ նախարար Միրզոյեան նշած է գործընկերներու՝ Հայաստանի հետ սահմանին իրավիճակի սրումը զսպելուն ուղղուած ջանքերու եւ ուղերձներու, Ատրպէյճանը կառուցողական դաշտ վերադարձնելու կարեւորութիւնը: Տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան հասնելու ծիրէն ներս ընդգծուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

Երկուստեք վերահաստատուած է երկխօսութիւնը տարբեր հարթակներու վրայ եւ ձեւաչափերով շարունակելու պատրաստակամութիւնը: