ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհը կը գործէ անխափան եւ անվտանգ է բնականոն երթեւեկութեան կազմակերպման համար:
Միաժամանակ կը տեղեկացուի, որ Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ բնակավայրի հատուածին մէջ ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու եւ ՀՀ-ի մէջ ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան ստորաբաժանումներու կողմէ կ'իրականացուին սահմանի պահպանութեան համապատասխան միջոցառումներ, միջադէպեր չեն գրանցուած, իրավիճակը լիովին վերահսկելի է, եւ ազգաբնակչութեան կողմէ անհանգստանալու առիթներ չկան:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յորդորէ այս ուղղութեամբ եւս բացառապէս հետեւելու պաշտօնական լրահոսին եւ կ'իրազեկէ, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի տրամադրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: