Պոլսահայ գծագրիչ-նկարազարդող Ռոպին Եայլա, օրերս, այցելած է Կեդրոնական վարժարան ու դպրոցին նուիրած երկու կարեւոր գծանկարներ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ ան «գործածած է» Կեդրոնական վարժարանի եւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ լուսանկարը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Գծագրիչ-նկարազարդող Ռոպին Եայլա, որ ստեղծագործական մտքի թռիչքով աներեւակայելիօրէն տպաւորիչ տիժիթալ գծանկարներ կը պատրաստէ, երէկ, 17 Սեպտեմբերին, այցելեց Կեդրոնական վարժարան ու դպրոցին նուիրեց երկու կարեւոր գծանկարներ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ ան «գործածած է» Կեդրոնական վարժարանի եւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ լուսանկարը։
Ռոպին, որ հանրութեան լայն շրջանակներուն ծանօթ անուն դարձած է ճարտարապետական կառոյցները տիժիթալ համադրութիւններով պատկերելու ձիրքով ու հետաքրքրութեամբ, Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներէն է։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Գատիր Հաս համալսարանի արդիւնաբերական արտադրութեան ձեւագծումի բաժնէն, ապա մասթըրի ուսման համար մեկնած է Իտալիա եւ ՆԱՊԱ-ի մէջ այդ շրջանը վերջացնելէ ետք վերադարձած է Թուրքիա։
Ան մասնագիտական իր ասպարէզը կը շարունակէ, համագործակցութեան պայմանագրեր կնքելով թրքական առաջատար ընկերութիւններու հետ։
Երէկուայ հանդիպման ընթացքին Ռոպին Եայլան դիմաւորուեցաւ Խնամակալութեան Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի, անդամներէն Լիանա Սահակեան-Էօզպիւլպիւլի, Տնօրէնուհի Տիկին Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի կողմէ։ Ի յիշատակ այս հանդիպման հիւրին յանձնուեցաւ Կեդրոնական վարժարանի պատմական դարպասը պատկերող յուշատախտակ մը։
Այնուհետեւ, Եայլա մէկտեղուեցաւ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ, խոստանալով աւելի յաճախ այցելել այս կրթօճախը, որու հետ դրացնութեան մէջ է աշխատավայրի բերումով։