Սեպտեմբեր 20-ի ժամը 5:00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուժի կողմէ գնդակոծուած է Ստեփանակերտի դիահերձարանի շտապօգնութեան մեքենան, որ ուղարկուած է Մարտակերտի շրջան՝ 8 դիակ մայրաքաղաք տեղափոխելու նպատակով։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։
Վիրաւորուած է շտապօգնութեան վարորդը եւ այս պահուն չի կրնար դիակները տեղափոխել Ստեփանակերտ։