Օրերս Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորոութեամբ հայահոյծ շրջանի քաղաքապետութեան պատուիրակութիւնը այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ քաղաքապետութեան դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի կազմը: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, քաղաքապետական խորհուրդը կը բաղկանայ 21 անձերէ` մեծամասնութիւնը Լիբանանի հայ համայնքը ներկայացնող:
Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, յանուն քաղաքապետարանին, վեհափառ հայրապետին յանձնեց Լիբանանի մայրին ներկայացնող յուշանուէր մը: Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան: Նախ եւ առաջ ան ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ քաղաքապետութեան նախաձեռնած ժողովրդային տուներու ծրագիրին կաթողիկոսութեան կողմէ 4,5 միլիոն տոլարի մասնակցութիւն բերելով` վերակենդանացուցած էր ծրագիրը, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ: Գրիգորեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու զարգացման նպաստող շարք մը ծրագիրներ, որոնց իրագործումը շուտով պիտի սկսի` օժանդակութեամբ կարգ մը պետութիւններու ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու: Ապա, խօսք առաւ փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանը: Ան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ ընդգծեց քաղաքապետութեան նախաձեռնած յիշեալ ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը: