image

Գիւմրի. «Ամարաս» ամառնային ճամբարները յաջողութեամբ պսակուեցան 

Գիւմրի. «Ամարաս» ամառնային ճամբարները յաջողութեամբ պսակուեցան 

Կլենտէյլ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գիւմրիի մէջ այս տարուան ամառնային ճամբարները, որոնք մկրտուած էին «Ամարաս» անունով, յաջողութեամբ հասան իրենց աւարտին՝ մշակոյթով, պատմութեամբ եւ հաւատքով լեցուն պահեր նուիրելով կարիքաւոր պատանիներու։

Այս տարի որոշուած էր ճամբարները «Ամարաս» անունով կոչել՝ ի յիշատակ Արցախի մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հաստատուած Ամարաս վանքի դպրոցին։

«Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ իրականացած ճամբարներուն անվճար մասնակցեցան առաւել քան 250 պատանիներ՝ գլխաւորաբար Շիրակ մարզէն։

Երկրորդ տարին ըլլալով, մասնակցողներուն մէջ կային Արցախէն տեղահանուած պատանիներ, որոնք կը կազմէին մասնակցողներուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը։

Երկու շաբաթներու ընթացքին տեղի ունեցած ճամբարներուն մասնակցողները բաժնուած էին երեքական խումբերու, որոնք կը կրէին՝ «Արցախ», «Ջաւախք» եւ «Նախիջեւան» անունները։

«Ամարաս» ճամբարներուն մասնակցողները հետեւեցան հայոց պատմութեան դասերու, մասնակցեցան աշխատանիստերու եւ զանազան հաճելի խաղերու եւ պտոյտներու։

Այս բոլոր կարելի դարձաւ շնորհիւ «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրին նեցուկ կանգնող առատաձեռն նուիրատուներու։

«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը կոչուած է հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ հաստատ կամուրջ մը հանդիսանալու եւ արդիւնաւէտ ուղեգիծ մը հաստատելու Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար: Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կ՛ապացուցէ այս նպատակին իրականացումը՝ իբրեւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը Գիւմրիի մէջ: Անիկա նաեւ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներ կը տրամադրէ Շիրակի մարզի ուսանողներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել իրենց ծննդավայրին մէջ։ Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին։

Նշենք, որ Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնը 2016էն ի վեր մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:

«Շիրվանեան» կեդրոնին գործունէութեան կարելի է հետեւիլ Instagram-ի (Instagram@shirvanianyouthcenter) կամ Facebook-ի (@gyumriyouthcenter եւ @wearegyumri) միջոցով։