image

Ղեւոնդեանց տօնը՝ Գանատայի Թեմէն ներս

Ղեւոնդեանց տօնը՝ Գանատայի Թեմէն ներս

Օրերս Գանատայի մէջ նշուած է Ղեւոնդեանց  տօնը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին եղած լրատւութիւնը։

Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիէն ներս յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց Քահանայից կատարած ինքնազոհողութեան, թէ ինչպէս անոնք իրենց հաւատքը՝ քրիստոնէական հաւատքը պահելու համար դէմ դրին խաւարին։ 

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմի հոգեւորականները, մաղթելով քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ հաւատքով լեցուն ծառայութիւն։