Ղազախստանի արեւմուտքը գտնուող Մանկիսթաու շրջանին մէջ սկսած են զօրավարժութիւններ Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի զինուորականներու մասնակցութեամբ։ Այդ մասին յայտնած են ղազախական լրատուամիջոցները։
Զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած են շուրջ 4 000 զինծառայող եւ մինչեւ 700 միաւոր զէնք ու զինտեխնիկա։
«Պիրլեսթիք-2024» («Միաւորում-2024») զօրավարժութիւններու ընթացքին ստորաբաժանումները պիտի իրականացնեն կեղծ ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուած կղզիի ազատագրման, ծովային անվտանգութեան ապահովման եւ ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան գործողութիւններ: