Օրերս, պահպանելով տարիներու գեղեցիկ աւանդութիւնը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները այցելեցին Հարիսայի ուխտավայր եւ Զմմառու մայրավանք:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
8 Մայիս 2025-ին, արդէն աւանդական դարձած միջոցառումով մը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները Տարպ էլ Սամա երթուղիով բարձրացան Հարիսայի ուխտավայր` սկսելով Սահէլ Ալմայի (Ճիւնի)։ Ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի, աշակերտները կտրեցին մօտաւորապէս 3 քիլոմեթր՝ հետիոտն։ Երթուղիի եօթ հանգրուաններուն, անոնք կարդացին դիտաւորութիւններ, աղօթեցին Վարդարանը եւ Հարիսայի սրբավայրին մէջ Սրբուհի Աստուածածնայ հովանին ու օրհնութիւնը խնդրեցին իրենց ու իրենց սիրելիներուն համար:
Ապա, խումբը ուղղուեցաւ Զմմառու մայրավանք, ուր մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, զոր մատուցանեց Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան։ Այնուհետեւ, վանքի փոխ-մեծաւոր Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեան աշակերտներուն ներկայացուց Զմառռու վանքին պատմութիւնը։ Աշակերտները մուտք գործեցին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անուան գրադարան, գինիի մարանը եւ այլ մասնաբաժիններ։ Օրուան երթը աւարտեցաւ համատեղ ճաշով, յուզումնալի եւ անմոռանալի յիշատակներ դրոշմելով բոլորին մտքին մէջ։