image
Հրատապ լուրեր:

«Գէորգը ինկաւ այն հողին վրայ, որ իր համար սրբավայր էր» Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան (Տեսանիւթ)

«Գէորգը ինկաւ այն հողին վրայ, որ իր համար սրբավայր էր» Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան (Տեսանիւթ)

 « Գէորգը ինկաւ այն հողին վրայ, որ իրեն համար սրբավայր էր, թաղուեցաւ հոն ուր կը ննջեն իր պաշտելի հերոսները, իր երկրպագութեան առարկայ ՝ ընկեր Հրաչն ու ընկեր Պետոն։

 Մենք այսօր մեր յարգանքի ամբողջական ու անվերապահ զգացումները ամփոփելով մեր հոգիներուն մէջ խոնարհաբար կը ներկայանանք առհասարակ հայ ժողովուրդին, իր գաղափարի ու զէնքի ընկերներուն, իր հարազատներուն, իր ընտանեկան պարագաներուն, իր մօր, իր տիկնոջ ու զաւկին, ըսելու համար որ Գէորգը պիտի շարունակէ ապրիլ իր լրիւ կենդանութեամբ մեր բոլորին սրտերուն եւ իմացականութեան մէջ։ Ան մեր ազգին փառքն է, պարծանքն է եւ պատիւն է», եզրափակեց Վարդգէս Խօշեան։

 

Այսօր Պռոշեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպում-հոգեհացի արարողութիւն, ուր հարիւրէ աւելի հարազատներ, ընկերներ ու բարեկամներ միասնաբար յարգած են ճիշդ տարի մը առաջ այս օրերուն հերոսաբար նահատակուած, արմատներով Մուսա Լեռցի, Այնճարի ծնունդ Գէորգ Հաճեանի յիշատակը։

Այս մասին տեղեկացանք «Արեւելք»ի Հայաստանի թղթակիցէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ այս առթիւ հակիրճ խօսքերով հանդէս եկած են Գէորգի անցած ճանապարհը արժեւորող եւ անոր մարտական ու գաղափարական ընկերները՝ Սիմոն Գաֆալեան, Հարմիկ Յովսէփեան, Իկոր Սարգիսեան, Արշակ Մեսրոպեան եւ Գաբրիէլ Փանոսեան։

Հակիրճ խօսքով մըն ալ հանդէս եկած է հանդէս եկած է այս առթիւ Երեւան ժամանած Լիբանանի Այնճար աւանի քաղաքապետ ՝ Վարդէգէս Խօշեան։

Խօշեան իր սկիզբը (դիտել տեսանիւթը) մասնաւորապէս ըսած է, որ իր համար բաւական դժուար պահ է այսօրուան պահը, նշելով, որ աւելի յարմար համարած է իր մտքերը շարադրել ու թուղթին տալ։

Ան շեշտելով Գէորգ Հաճեան մարդու, արուեստի եւ գաղափարի մարտիկի առանձնայատկութիւնները հաստատած է, որ Գէորգ իր ողջութեանը կարողացած էր տէրը դառնալ այդ կոչումներուն։

Խօշեան նաեւ ըսած է, որ միշտ ալ կապի մէջ եղած է Գէորգին հետ ու հետեւած անոր փայլուն եւ պատուաբեր գործունէութեանը։

 Աւարտելով իր սրտի խօսքը Խօշեան մասնաւորապէս ըսած է « Գէորգը ինկաւ այն հողին վրայ, որ իրեն համար սրբավայր էր, թաղուեցաւ հոն ուր կը ննջեն իր պաշտելի հերոսները, իր երկրպագութեան առարկայ ՝ ընկեր Հրաչն ու ընկեր Պետոն։

 Մենք այսօր մեր յարգանքի ամբողջական ու անվերապահ զգացումները ամփոփելով մեր հոգիներուն մէջ խոնարհաբար կը ներկայանանք առհասարակ հայ ժողովուրդին, իր գաղափարի ու զէնքի ընկերներուն, իր հարազատներուն, իր ընտանեկան պարագաներուն, իր մօր, իր տիկնոջ ու զաւկին, ըսելու համար որ Գէորգը պիտի շարունակէ ապրիլ իր լրիւ կենդանութեամբ մեր բոլորին սրտերուն եւ իմացականութեան մէջ։ Ան մեր ազգին փառքն է, պարծանքն է եւ պատիւն է», եզրափակեց Վարդգէս Խօշեան։

Նշենք, որ   Այնճարի պատկանի մարմիններու,  եւ քաղաքապետութեան   ճիգերով տեղի ունեցած էր յատուկ կարգադրութիւն, որպէսզի նահատակ Գէորգի մայրիկն ու անոր եղբայրը ժամանեն Երեւան ու մասնակից դառնան Գէորգի նահատակութեան առաջին տարելիցին առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան կարգին։