Օրերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք․ Խաչերեան իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարած է Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանին, ուր սրբազանը այցելած է ամէնօրեայ վարժարանի մանկամսուրէն մինչեւ վեցերորդ կարգի դասարանները եւ սրտբաց զրոյց ունեցած աշակերտներուն եւ անոնց դաստիարակ-ուսուցիչներուն հետ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Չորեքշաբթի, 5 Մարտի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք․ Խաչերեան իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանին, որուն մուտքին ընդունուեցաւ շրջանի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի Անի Սարգիսեանի, տեղւոյն ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Ճանէցեանի, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Միհրան Միհրանեանի, ինչպէս նաեւ դպրոցի Ուսումնական մարմինի, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու ազգային երեսփոխաններու կողմէ։
Աղ ու հացի օրհնութեան արարողութենէն ետք, սրբազանը այցելեց Արի Կիրակոս Մինասեան ամէնօրեայ վարժարանի մանկամսուրէն մինչեւ վեցերորդ կարգի դասարանները եւ սրտբաց զրոյց ունեցաւ մատղաշ ու պատանի աշակերտներուն եւ անոնց նուիրեալ դաստիարակ-ուսուցիչներուն հետ:
Խօսելով աշակերտներուն հետ՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը քաջալերեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ դաստիարակներու յարատեւ վերելքի ճիգը եւ նուիրուածութիւնը՝ տեղւոյն աշակերտներուն հայեցի նկարագիրի կերտման եւ կրթական կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր, ապա բարի վարքի խրատներ բաշխեց աշակերտներուն եւ ուրախութեամբ ականջ դրաւ հայ տղոց հետաքրքրական պատմութիւններուն:
Դասարաններ այցելութիւններուն աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր շքախումբով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահը, ուր աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ անմահացնելով Վարդանանց տօնը եւ խորհուրդը փունջ մը ազգային երգերու եւ արտասանութիւններու ընդմէջէն, որոնք ջերմացուցին ներկաներուն սիրտերը եւ անոնցմէ խլեցին վայելքի հիացական արտայայտութիւններ:
Վարդանանց տօնին առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ, առաջնորդը վեր առաւ քրիստոնեայ Հայաստանի պետականութեան պաշտպանութեան համար մարտնչած Վարդանանց սերունդի դիւցազնական ոգին եւ այս առիթով գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ դաստիարակ ուսուցիչները՝ նշելով, որ անոնք իրենց սիրելի աշակերտներուն հետ բծախնդիր աշխատանք տարած են, որպէսզի վերջիններս ազգային տօնի մը այսպիսի հայեցի եւ յաջող մատուցումը կատարեն, այլեւ հայկական ազգային անպարտելի ոգիով վարակեն մեծ ու փոքր հանդիսատեսները:
Աւելի ուշ, Գեղամ արքեպիսկոպոս հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, վարժարանի տնօրէնին եւ Ուսումնական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ եւ մօտէն հաղորդ դարձաւ դպրոցի աշխատանքներուն ու ապագայ ծրագիրներուն։
Աւարտին, արժեւորելով իր առաջին շրջագայութիւնը Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքի կեանքին մէջ՝ սրբազանը դիտել տուաւ, որ շրջանը յատուկ տեղ կը գրաւէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կեանքին մէջ, իր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիով, ժողովականութեամբ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանով, աշակերտներով, ծնողներով, միութենական կառոյցներով, բարերարներով, բարեկամներով եւ շրջանի բոլոր զաւակներով, ապա իր աղօթական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց բոլորին: