image

Գերմանիա. Սկսած են արտադրել զուգարանի թուղթի տեսքով կարկանդակներ

Գերմանիա. Սկսած են արտադրել զուգարանի թուղթի տեսքով կարկանդակներ

Գերմանացի հրուշակագործները որոշած են այս օրերուն մեծ պահանջարկ վայելող ապրանքներէն մէկու՝ զուգարանի թուղթի տեսքով կարկանդակներ արտադրել: Այս մասին կը յայտնէ DW.com-ը:

Հրապարակման համաձայն՝ Թիմ Քորթիումը զուգարանի թուղթի տեսքով կարկանդակներ սկսած է պատրաստել կատակելու համար, սակայն երբ անոնք սպառուած են վայրկեաններու ընթացքին, փոխած է մտադրութիւնն ու արտադրութիւն սկսած: Այսպիսով, իւրաքանչիւր օր անոր հրուշակեղէնի խանութին մէջ նման 200 «քեյքս» կը վաճառուի:

Քորթիումը խմորեղէնը պատրաստելու համար կ'օգտագործէ իր կարկանդակներու աւանդական բաղադրատոմսը, այնուհետեւ «քեյքսերըօ կը նախշապատէ: