image

Փեզեշքիանը ժամանած է Մոսկուա. Իրան-Ռուսիա ռազմավարական փաստաթուղթի ստորագրութիւն պիտի կատարուի

Փեզեշքիանը ժամանած է Մոսկուա.  Իրան-Ռուսիա  ռազմավարական փաստաթուղթի ստորագրութիւն պիտի կատարուի

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն այսօր ժամանած է Մոսկուա՝ Ռուսիոյ հետ կնքելու ռազմավարական գործընկերութեան համապարփակ համաձայնագիր, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները։

Ըստ տեղեկութիւններու՝ փաստաթուղթը բացի նախաբանէն ունի 47 յօդուած, որոնք կը վերաբերին բազմաթիւ ոլորտներու։ Փաստաթուղթը պիտի ստորագրեն երկու երկիրներու նախագահները՝ Մասուտ Փեզեշքիանն ու Վլատիմիր Փութինը։

Իրանեան պատուիրակութիւնը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Բացի այդ, Փեզեշքիանը հարցազրոյց պիտի տայ ռուսական հեռուստատեսութեան։

Փեզեշքիանը նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնի Մոսկուա։ Մինչ այդ ան 2024-ի հոկտեմբերին մասնակցած էր Քազանի մէջ կայացած BRICS-ի գագաթնաժողովին։

Փեզեշքիանը Մոսկուա կատարելիք այցէն առաջ Տաճիկստան էր, ուր քննարկած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։