image

Գերմանական ինքնաշարժները Ռուսիա հասած են նաեւ Հայաստանի ճամբով. Միջազգային մամուլ

Գերմանական ինքնաշարժները Ռուսիա հասած են նաեւ Հայաստանի ճամբով. Միջազգային մամուլ

Գերմանական մեքենաներ արտադրողները, ինչպիսիք են Volkswagen-ը, BMW-ն, Porsche-ն եւ Mercedes-ը, մեծցուցած են իրենց մեքենաներու եւ համալրող բաղադրիչներու մատակարարումներու ծաւալը Կեդրոնական Ասիոյ եւ Անդրկովկասի երկիրներ այն բանէ ետք, երբ յայտարարեցին Ռուսիայէն իրենց դուրս գալու մասին, գրած է Telegraph-ը։

Միջազգային ֆինանսներու հիմնարկի (IIF) տուեալները ցոյց կու տան, որ գերմանական մեքենաներու եւ համալրող բաղադրիչներու արտահանումը Ղրղզստան այս տարուան առաջին ինն ամիսներուն 2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճած է 5500%-ով։

Նշուած է նաեւ գերմանական մեքենաներու պահեստամասերու արտահանման աւելացումը Հայաստան, Ղազախստան եւ Վրաստան՝ համապատասխանաբար 720%, 450% եւ 340%-ով։ Սա կը վկայէ այն մասին, որ Ռուսիան կ՚օգտագործէ երրորդ երկիրները՝ շրջանցելու արեւմտեան պատժամիջոցները եւ ապահովելու օտարերկրեայ ապրանքներու հասանելիութիւնը, նշած է IIF-ը։

Գերմանական ինքնաշարժներու արդիւնաբերութեան միութեան (VDA) ներկայացուցիչները յայտնած են, որ գերմանացի արտադրողները զանգուածաբար կը փակեն իրենց ձեռնարկութիւնները Ռուսիոյ մէջ, որ կը յանգեցնէ հարեւան երկիրներ արտահանման աճի։ Միաժամանակ նշած են, որ զգալիօրէն նուազած է մեքենաներու արտահանումը Ռուսիոյ Դաշնութիւն։

Ռուսիոյ Դաշնութեան կեդրոնական դրամատունը յայտնած է, որ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն Փութինի ներմուծման ծրագրով երկիր ներկրուած է աւելի քան 20 միլիռ տոլարի ապրանք։

Սակայն զուգահեռ ներմուծման միջոցով մեքենաներու մատակարարումը անշահաւէտ դարձած է լոճիսթիք առկայ խնդիրներու եւ գիներու բարձրացման պատճառով, որ յանգեցուցած է պահանջարկի նուազման նոյնիսկ «փրեմիում» դասի մեքենաներու համար։