Գանատայի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի խնամատար կարգադրութեամբ եւ հասնելու համար Արցախէն բռնագաղթի ենթարկուած մեր հայրենակիցներուն օրես Հայաստան ժամանած է Թեմէն ներս հոգեւոր ծառայութեան լծուած Հոգշ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէքեանը, որ նաեւ իր հետ մարդասիրական օժանդակութիւններ բերած ու հասցուցած է Գորիս քաղաք։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեցին Արցախէն Հայաստանի Սիւնիքի սահմանը հատող հայորդիներուն, որոնք մազապուրծ ճողոպրած էին ազէրիական ցեղասպանական հալածանքներէն։։
Գանատայի Հայոց Թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց կամաւորական խումբ մը եւ սկսաւ կազմակերպչական իր աշխատանքները։
Պատրաստուեցան մարդասիրական օժանդակութեան յատուկ ծրարներ եւ կենցաղային պէտքեր, բաժնելու համար տեղահանուած եւ նիւթական, բարոյական ու մարդկային տոյժեր կրած Արցախահայութեան:
Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2023-ին, պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Գորիս եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրեց օժանդակութիւն։ Այս նպատակով, Հայաստանի մէջ գործող «Արդեան Հաստատութիւն»ը Ազգային Առաջնորդարանի միջոցով՝ սոյն ծրագրին մասնակցեցաւ նիւթական օժանդակութեամբ։
Ստեղծուած կացութիւնը անասելի է եւ կարիքները անսահման։ Կոչ կ՚ուղղենք Գանատահայ մեր գաղութի հաւատացեալ զաւակներուն անտարբեր չմնալ եւ գիտակցիլ վերջին հարիւրամեակի երկրորդ ցեղասպանութեան եւ տեղահանման ու հայրենազրկութեան ստեղծած լուրջ սպառնալիքին։
Աւելի առաջ եւ ասկէ աւելին չկրցանք ընել, իսկ հիմա ի՞նչ որ պարտինք ընել՝ ընենք: