image

Գամիշլիի մէջ. «Յանուն Միջին Արեւելքի խաղաղութեան» Աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն

Գամիշլիի մէջ. «Յանուն Միջին  Արեւելքի խաղաղութեան»  Աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն

«Երանի՛ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»: (Մատթ 5, 9)

Կիրակի 26 Նոյեմբեր 2023, Բ. Կիրակի Յիսնակաց, երեկոյեան ժամը վեցին, Գամիշլիի Կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Յովսէփ Աթոռանիստ Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդութիւնը նուիրուած "ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ" դիտաւորութեան, մասնակցութեամբ տեղւոյն Ասորի եւ Քաղդէացի Կաթողիկէ քահանաներու։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ երեք կաթողիկէ համայնքներու երիտասարդաց միութիւնները եւ հաւատաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութիւն, որոնք միասնաբար աղօթեցին ու Տիրոջմէ հայցեցին խաղաղութեան շնորհքը համայն աշխարհին համար ու մասնաւորապէս Միջին Արեւելքին ու անոր բնակիչներուն համար։

Ջերմեռանդական աղօթքին նախագահեց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ որ աւարտին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն, կազմակերպիչներուն եւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն հրաւիրելով խաղաղութեան համար աղօթքը շարունակելու նաեւ իրենց առօրեային մէջ Ամենակալ Աստուծմէ հայցելով, որ ողորմի իր զաւակներուն վրայ, հեռու պահէ զանոնք վտանգներէն ու հալեցնէ կարծրացած սրտերը։

Լուրը՝ «Ռատիօ  Վատիկան»ի հայկական  ծառայութենէն