Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ զրոյցի ընթացքին Պայրամով եւ Ֆիտան քննարկած են Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի հեռանկարները։
Նշենք, որ այսպէս կոչուած խաղաղութեան օրակարգին զուգահեռ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը հոկտեմբեր 23-25-ին բազմաթիւ զօրավարժութիւններէն մէկը պիտի կայացնեն Հայաստանի հետ սահմանին, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած Արցախի մէջ։
Հաղորդուած է, որ կողմերն անդրադարձած են Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան երկկողմ օրակարգին, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու։
Հանդիպումը կայացած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ նիստի շրջածիրէն ներս։