image

Հայաստանի մէջ առկայ մեծ «խաղ»ը. «Յանուն եւ ընդդէմ…»

Հայաստանի մէջ առկայ մեծ «խաղ»ը. «Յանուն եւ ընդդէմ…»

Ի վերջոյ այստեղ աշխատող զէնքը  առողջ դատողութիւնը չէ, կամ ստեղծուած  իրավիճակին սատարած կամ «նպաստած» կողմին կրած կամ կրելիք պատասխանատւութեան բաժինը… այլ անհատը, անձը, անոր անցեալի սխալները եւ կարծրատիպերու այն մեծ պարկը, որ «նետուած» է անոր ուսերուն…։ Սա ի հարկէ կը բխի օրուայ իշխանութիւններուն շահերէն, որովհետեւ նոյն այդ իշխանութիւնները կարողացան, ոչ միայն լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի լայն հասարակութեան «մտածելակերպ»ը կամ երկրի նախկին իշխանաւորներուն դէմ ունեցած ատելութիւնը, այլ ամէն ինչ ըրին, որ գետնի վրայ իրենց թիւ մէկ մրցակիցը հանդիսանայ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու անոր ամբողջ խումբը…։ Թերեւս այդ մէկը շատեր համարեցին ծուղակ մը, որուն ճամբով ալ Փաշինեան պահեց իշխանութիւնը, հակառակ անոր որ եղան ու դեռ ալ յաճախ կը հնչեն կարգ մը «վարկածներ», ըստ որոնց այսօրուայ ըննդիմութիւնը կը շարունակէ մնալ Փաշինեանի իշխանութեան թիւ մէկ խթանն ու յենարանը։ Աւարտին հաշուի առնելով այսօրուան դրութիւնը, յստակ է անշուշտ, որ յառաջիկայ փուլին եւս Փաշինեան պիտի կարողանայ դարձեալ յաղթանակ տանիլ, եթէ Քոչարեանն ու իր համախոհները շարունակեն խաղադաշտին մէջ մնալ…։ Անոնք դարձեալ կրնան պարտուիլ ու գալիք պարտութիւնը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ, ի հարկէ, եթէ «արտաքին խաղ»ին լաւապէս տիրապետող Փաշինեանի անուան դէմ չձեւաւորուի  «կարմիր լոյս» մը, որ կրնայ ամբողջութեամբ փոխել Հայաստանի քաղաքական պատկերը։ 

 

Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ համատարած լճացումը կը շարունակուի։ Ամանորեայ «մեծ թմբիր»ը, որ տակաւին պիտի շարունակուի մինչեւ յունուար     ամսուան կէսերը, պայմանաւորուած է անցեալէն մեզի հասած սովորութիւններով։ Այլ խօսքով երկարատեւ տօն, որուն կը յաջորդէ սաստիկ ձմրան օրերը, ուր քաղաքն ընդհանրապէս կամ «կը քնանայ» կամ ալ կը փայփայէ արեւոտ օրերուն հասնելու երազանքը։ Ճիշդ է, որ 2020 թուականի պատերազմէն ետք Հայաստանը եւ Երեւանը յատկապէս ապրեցաւ թէժ պահեր, եւ իշխանփոխութեան իղձով փողոց իջած ընդդիմութիւնը կերպով մը վառ պահեց իր օրակարգը։ Քաղաքը եռաց, եղան բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններ, ցոյցեր, անհնազանդութեան տարբեր տեսակի արարքներ։ Բայց միեւնոյնն է, մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակը, ընդդիմութիւնը չկարողացաւ հասնիլ իր մեծ նպատակին։ Անել վիճակ մը ստեղծուեցաւ, որուն լուծման համար իշխանութիւնները եւ յատկապէս երկրի առաջին դէմք հանդիսացող Նիկոլ Փաշինեանը 2021 թուականին  կարողացաւ երկրի հիմնական քաղաքական ուժերուն ներկայացնել ամուլ վիճակէն դուրս գալու իր «դեղատոմս»ը։ Ընդդիմութիւնը, եւ յատկապէս նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի թեւը եւ անոր շուրջ բոլորուած ուժերը «կոյր հաւատք»ով մը ընդունեցին Փաշինեանի առաջարկը եւ հաւատալով, որ այդ կերպ պիտի հասնին իշխանափոխութեան մասնակից դարձան ընտրութիւններուն։ Այստեղ մեղադրանքի խօսք չկայ ուղղուած ընդդիմութեան, որովհետեւ մեծ հաշուով տեղի ունեցած ընտրութիւնները ամէնէն «ապահով» առիթը կրնային ըլլալ, որպէսզի  Հայաստանը նախ դուրս գայ պարտութեան  բերած ընկճուածութիւնէն, ու երկրորդ ժողովրդավարական այդ գործընթացով ընդդիմութիւնը կը կարծէր, որ պիտի կարողանայ իրողապէս շարժել , ու ոտքի հանել երկրի հասարակութեան լայն հատուածները…։ Սակայն եկուր տես, որ այդպէս չեղաւ ու իշխանութիւնը (որ թէեւ ստացաւ աւելի նուազ քուէներ, քան ինչ որ ստացած էր 2018 թուականին.Փաշինեանի  վարչախումբը 2018–ին  ստացած էր  քուէներու 70  տոկոսը, իսկ   -ին քուէներու 53,9 տոկոսը։) կերպով մը վերարատդրուեցաւ, իր կողքին ունենալով նոր տեսակի ընդդիմութիւն մը, որուն գլխաւոր մականը կը  յայտնուէր Ռոպէրթ Քոչարեանի ձեռքը, իր կողքին ունենալով  մօտիկ անցեալին  Սերժ Սարգսեանի հաւատարիմ ուժ հանդիսացող՝  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

 Ի հարկէ ընդդիմադիր ուժերուն միացաւ Սերժ Սարգսեանի նեցուկով եւ «հոգատարութեամբ» մէջտեղ եկած «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը, որ ցայսօր ալ (բաւական թուլացած վիճակով) կը շարունակէ ներկայութիւն ըլլալ Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս։ Այս բոլորը շարադրելէն անդին հարկ է մատնացոյց ընել այն մեծ ու կարեւոր սխալը, որ գործեց ու դեռ ալ կը շարունակէ գործել Քոչարեանականներու թեւը, որ կը խօսի կեցուածքի երկդիմիութեան մը, երկակի ընկալումներու մասին։ Խօսքը կը վերաբերի ընտրութեան երթալու, ընտրութիւններու արդիւնքները ընդունելու, Խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչ եւ աթոռներ ունենալու եւ միւս կողմէ ալ եղած պարտութիւնը չընդունելու, այդ պարտութեան հետ չհամակերպելու ու նաեւ, որպէս յաղթանակած կողմ հանրութեան ներկայանալու ու հանրութեան մէջ այդ մօտեցումներով վարմունք դրսեւորելու մասին։ Բաց աստի այս երեւոյթներուն ու մօտեցումներուն մէջ ամէնէն խոցելին եղաւ երկակի ձեւաչափերով խաղին մէջ ըլլալու ճարպիկ, անարդիւնաւէտ եւ նոյնիսկ վնասակար քայլերն ու շարժուձեւերը, որ դեռ պիտի շարունակուին, մինչեւ գալիք ընտրութիւններու փուլը։ Քոչարեան եւ իր համախոհները ընդունեցին խորհրդարանին մաս կազմել, սակայն միաժամանակ ուզեցին ու փափաքեցան փողոցը իրենց ձեռքին մէջ պահել…։ Այսինքն առաւօտուն խորհրդարանի նիստերուն մասնակցիլ, ու կէսօրէ ետք բողոքի ցոյցեր եւ հաւաքներ «կառավարել»։ Անոնք վստահ եմ մտածեցին, որ այդ կերպ կարելի պիտի ըլլայ «խաղալ» երկու թելի վրայ եւ «դուրս»ի շարժումները, բողոքի գործողութիւնները եւ հաւաքները մեծ ներուժ պիտի տրամադրեն Խորհրդարանին մէջ «եփուելիք» կամ պատրաստուելիք «ապուրներ»ուն…։ Բայց փափաքը ուրիշ, իսկ իրականութիւնը բոլորովին ուրիշ, որովհետեւ այդ շրջափուլի աւարտին բոլորս (հաւանաբար ընդդիմութիւնէն բացի) եկանք այն եզրակացութեան, որ իշխանութիւնը տապալելու բոլոր տեսակի փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան։ Այստեղ անշուշտ կայ շատ կարեւոր դրոյթ մը, որ կը խօսի Հայաստանի հասարակութեան ունեցած ներքին տինամիզմին մասին, որ մեծ հաշուով չի զատորոշուիր հասարակութիւններուն ունեցած ներքին ընկալումներէն։ Խօսքը քաղաքական պայքարի առանցքներուն մէջ տարուած «յանուն եւ ընդդէմ» ձեւաչափին մասին է, որ կը համարուի մղիչ ուժը Հայաստանի քաղաքական-ընտրական համակարգին։ Այլ խօսքով, եթէ արտաքին հիմնարար ազդակներ չկան, ապա Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսը կ՚ընտրէ, ընտրութեան մը կ՚երթայ եւ ընտրութիւն կը կատարէ, ոչ թէ «յանուն»ի մը այլ «ընդդէմ»ի մը։ Ու հետեւաբար հայաստանցիք կամ անոնց մեծ տոկոսը չընտրեցին Նիկոլ Փաշինեանը կամ անոր առաջնորդած քաղաքական ուժը, այլ դէմ քուէարկեցին Ռոպէրթ Քոչարեանին ու անոր շուրջ բոլորուած ուժերուն եւ անուններուն…։ Արդիւնքը ուրեմն, ոչ թէ յանուն Նիկոլ Փաշինեանին եղաւ, այլ ըննդէմ Ռոպէրթ Քոչարեանին։ Ու այստեղ այս նուրբ հակասական պատկերին մէջ, դարձեալ Հայաստանի քաղաքացին երկրորդ դիրքի մը «նետեց» պետութեան եւ պետականութեան ընկալումը, եւ երբեք մտքին ծայրով անգամ չըսաւ, որ «Փաշինեան ի վերջոյ, պատերազմ պարտուած ղեկավար է, ու պէտք է ժամ առաջ հեռանայ իշխանութիւնէն»։ «Անհոգ» էր կերպով մը Հայաստանի միջին վիճակագրութեան քաղաքացին, եւ միւս կողմէ ալ կը հաւատար, ու դեռ ալ կը հաւատայ, որ իր այդ վարքով կամ «ընդդէմ, եւ ոչ յանուն» մօտեցումով իր ատելութեան եւ թոյնի վերածուած վրէժը պիտի լուծէ մանաւանդ Քոչարեանէն։ Ուշագրաւ է անշուշտ, որ այդ «յանուն եւ ընդդէմ» խաղին մէջ ամէն ինչ, ամէն մանրամասնութիւն անձնաւորուած է եւ հիմնուած, ոչ թէ մարդուս արժանիքներուն կամ ըրած-չըրած քայլերուն այլ ատելութեան վրայ…։

 

Ի վերջոյ այստեղ աշխատող զէնքը  առողջ դատողութիւնը չէ, կամ ստեղծուած  իրավիճակին սատարած կամ «նպաստած» կողմին կրած կամ կրելիք պատասխանատւութեան բաժինը… այլ անհատը, անձը, անոր անցեալի սխալները եւ կարծրատիպերու այն մեծ պարկը, որ «նետուած» է անոր ուսերուն…։ Սա ի հարկէ կը բխի օրուայ իշխանութիւններուն շահերէն, որովհետեւ նոյն այդ իշխանութիւնները կարողացան, ոչ միայն լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի լայն հասարակութեան «մտածելակերպ»ը կամ երկրի նախկին իշխանաւորներուն դէմ ունեցած ատելութիւնը, այլ ամէն ինչ ըրին, որ գետնի վրայ իրենց թիւ մէկ մրցակիցը հանդիսանայ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու անոր ամբողջ խումբը…։ Թերեւս այդ մէկը շատեր համարեցին ծուղակ մը, որուն ճամբով ալ Փաշինեան պահեց իշխանութիւնը, հակառակ անոր որ եղան ու դեռ ալ յաճախ կը հնչեն կարգ մը «վարկածներ», ըստ որոնց այսօրուայ ըննդիմութիւնը կը շարունակէ մնալ Փաշինեանի իշխանութեան թիւ մէկ խթանն ու յենարանը։ Աւարտին հաշուի առնելով այսօրուան դրութիւնը, յստակ է անշուշտ, որ յառաջիկայ փուլին եւս Փաշինեան պիտի կարողանայ դարձեալ յաղթանակ տանիլ, եթէ Քոչարեանն ու իր համախոհները շարունակեն խաղադաշտին մէջ մնալ…։ Անոնք դարձեալ կրնան պարտուիլ ու գալիք պարտութիւնը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ, ի հարկէ, եթէ «արտաքին խաղ»ին լաւապէս տիրապետող Փաշինեանի անուան դէմ չձեւաւորուի  «կարմիր լոյս» մը, որ կրնայ ամբողջութեամբ փոխել Հայաստանի քաղաքական պատկերը։ 

 

 

Սագօ Արեան 

«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...